Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ անջատաբար ընդունեց բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ուալիտ Սալմանը, նախկին նախարար Նայլա Մուաուատը, պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինն ու երեսփոխան Թալալ Արսլանը:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի ընդհանուր իրավիճակին վրայ:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց նաեւ երեսփոխան Միշել Մըրը, որ այս առիթով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ռայի պատրիարքի առաջադրած ազգային համագումարի գաղափարին: Ան աւելցուց նաեւ, թէ պատրիարքին հետ քննարկած է այս հարցը իր մանրամասն երեսներով` պարզելով անոր իրականացման առաջնորդող գործնական քայլերը:


