Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԱՍԱՏ – ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

August 10, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Ասատ եւ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին հասաւ Դամասկոս: Մինչ ան Սուրիա կը հասնէր, թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները կը հաղորդէին, որ սուրիական բանակի հրասայլերը մուտք գործած են թրքական սահմանէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պընըշ քաղաքը:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլուի Սուրիա մեկնելէն մէկ օր առաջ Անգարա հասած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ սուրիական թղթածրարի պատասխանատու Ֆրետ Հոֆ եւ թրքական իշխանութիւններուն հետ քննարկած Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Տաւութօղլու-Քլինթըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած հարցերը: Նշենք, որ Քլինթըն Տաւութօղլուէն խնդրած էր Սուրիոյ փոխանցել իր հետեւեալ պատգամը. «Սուրիական բանակը անմիջապէս պէտք է վերադառնայ իր զօրանոցները»:

Տաւութօղլու ժամերով հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Երկարատեւ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եւ Ասատի քաղաքական ու մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան: Յետմիջօրէի շուրջ ժամը 16:45-ին հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր այցելութիւնը աւարտած է եւ առանց յայտարարութիւն կատարելու վերադարձած Թուրքիա:

«Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ասատ Տաւութօղլուին յայտնած է, որ «ահաբեկչական խմբաւորումները» հետապնդելէ պիտի չդադրի, սակայն վճռակամ է նաեւ ամբողջական բարեփոխումի քայլերը իրենց լրումին հասցնելու, եւ այս ուղղութեամբ պատրաստ է եղբայրական ու բարեկամ երկիրներու կողմէ տրամադրուելիք որեւէ օժանդակութիւն ստանալու:

Տաւութօղլու իր կարգին վստահեցուցած է, որ ինք որեւէ մէկուն կողմէ պատգամ չէ բերած, եւ Թուրքիա յանձնառու կը մնայ Սուրիոյ ապահովութեան ու կայունութեան` նշելով, որ ռազմավարական յարաբերութիւններուն կտրած ճամբան երկու երկիրներուն մօտ այն զգացումը յառաջացուցած է, թէ անոնցմէ որեւէ մէկուն մէջ պատահած հարց մը միւսին համար ներքին հարցի համազօր է: Ան աւելցուցած է, որ ինչպէս Թուրքիա Սուրիոյ իրադարձութիւնները թրքական ներքին հարց մը կը նկատէ, նոյնպէս ալ Սուրիան Թուրքիոյ մէջ պատահող որեւէ դէպքի նկատմամբ նոյն մօտեցումը ունի:

Ըստ «Սանա»ի, Տաւութօղլու շեշտած է, որ սուրիական իշխանութեանց կողմէ որդեգրուած  բարեփոխումներուն ամբողջացումէն ետք, Ասատի ղեկավարութեամբ Սուրիան արաբական աշխարհին համար բնորդի պիտի վերածուի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ կայունութիւնը շրջանի կայունութեան հիմքն է:

«Սապահ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդած էր, որ Տաւութօղլու Սուրիոյ ղեկավարին երեք առաջարկներ պիտի ներկայացնէ` զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնել, զինուորները քաղաքներէն հեռացնել եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարել: «Զաման» օրաթերթը յայտնած էր, որ Տաւութօղլու Թուրքիոյ կողմէ Ասատին «բարեկամական եւ եղբայրական» զգուշացում պիտի փոխանցէ: Թրքական լրատուամիջոցները Տաւութօղլուի այցելութիւնը «վճռորոշ» նկատելով ընդգծած էին, որ այդ հանդիպումէն կախեալ է թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու հետագայ ճակատագիրը:

Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը մէկ օր առաջ քննած էր Սուրիոյ կացութիւնը: Խորհուրդի նիստէն ետք թրքական «Ճումհուրիյեթ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ լրագրողներուն յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեանց ո՛չ թայմինկը, ո՛չ ալ ձեւը ընդունելի են: «Կը կարծենք, որ ՄԱԿ-ը եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է գործի լծուին»:

Տաւութօղլուի զուգահեռ այսօր Դամասկոս պիտի այցելէ Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի ներկայացուցիչներէն բաղկացած եռանդամ պատուիրակութիւն մը, որ ըստ տեղեկութեանց, սուրիական իշխանութիւններէն պիտի պահանջէ ինքնազսպումի դիմել եւ բարեփոխումներ կատարել: Ըստ «Հուրրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը եւս ուղարկած է պատուիրակութիւն մը` Դամասկոսէն պահանջելու համար բարեփոխումներ կատարել եւ «բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ անոր յայտնած, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցումն է եւ քաղաքական ու ընկերային բարեփոխումները առանց յապաղումի գործադրելը:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ գործի լծուելու, որպէսզի սուրիական ընդդիմութիւնը ձերբազատի իր շարքերուն մէջ գտնուող «զինեալ ծայրայեղականներէն եւ կարծր կեցուածքի տէր այլ անձերէն»:

 

Նախորդը

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՆԻՍՏԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՐՑԸ

Յաջորդը

ԵԱԱԼՈՆ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ՆԵՐՈՒՄԻ ՀԱՅՑԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ «ԱՆԱՄՕԹ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.