Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Իշխանական Խմբակցութիւնները Կը Նախաձեռնեն Լսումներ` Ելեկտրականութեան Սակի Հարցով

May 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-19_votchԽորհրդարանական ոչ իշխանական խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (ԲՀԿ), Հայ ազգային քոնկրեսը (ՀԱՔ) եւ Ժառանգութիւնը, երէկ հրաւիրեցին խորհրդակցութիւն` որոշելու համար  ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ իրականացուող գործողութիւնները: Նշենք, որ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը «թեքնիք պատճառներով» չմասնակցեցաւ  խորհրդակցութեան, սակայն մտադիր է միանալու նախաձեռնութեան:   Նախորդ շաբաթ ՀԱՔ խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ կը նախաձեռնէ ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացումը ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման: Ոչ իշխանական խմբակցութիւններու խորհրդակցութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրապեան երէկ նշեց, որ աւելի նպատակայարմար նկատած են նախաձեռնել խորհրդարանական լսումներու, որովհետեւ ատիկա աւելի գործնականօրէն կ՛անդրադառնայ հարցին, որմէ ետք կարելի է անդրադառնան նաեւ ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման:  Պատգամաւորը նշեց, որ խորհրդարանական լսումներուն պիտի հրաւիրեն ՀԾԿՀ-ի նախագահ Ռոպերթ Նազարեանը, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան եւ, որ ամէնէն կարեւորն է, Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցերու տնօրէնը եւ ելեկտրականութեան սակի դիմում  ներկայացուցած բոլոր կազմակերպութիւնները, որպէսզի կարենան բոլոր շահագրգռուած կողմերուն հետ քննարկումներ ծաւալել` պարզելու համար, թէ ինչո՞ւ պէտք է քաղաքացին վճարէ օտարերկրեայ սեփական  կազմակերպութեան վատ տնօրինման, վատ կառավարման պատճառով: «Թերեւս իրենք ունի՞ն հիմնաւորումներ, ես կ՛ուզեմ հասկնալ. երբ Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցերու տնօրէնը կ՛ըսէ, որ 3,5 միլիոն տոլարի բարեգործութիւն ըրած են, կ՛ուզեմ հասկնալ` կորուստներու հաշուո՞յն ըրած են, թէ՞ իրենց շահոյթներու հաշուոյն ըրած են: Եւ հիմա կ՛ուզեն այդ բարեգործութիւնը քաղաքացիներէն հանել: ԲՀԿ-ն, ՀՅԴ-ն, Ժառանգութիւնը եւ ՀԱՔ-ը կ՛ըսեն, որ նախ պէտք է օր առաջ խորհրդարանական լսումներ հրաւիրել: Իսկ ժամանակաւոր յանձնախումբի խնդիրին կարելի է անդրադառնալ լսումներէն ետք, քանի որ ժամանակաւոր յանձնախումբը քանի մը ամիս կրնայ ուսումնասիրել հարցը, մինչ` ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացումը պիտի ըլլայ յունիսին կամ յուլիսին», ըսաւ Նայիրա Զոհրապեան: Լրագրողներու դիտարկման, որ փորձը ցոյց կու տայ, որ լսումները էականօրէն ոչինչ կը փոխեն, ան  հակադարձեց ըսելով, որ այդպէս եթէ դատելու ըլլանք, կրնանք ըսել, որ ժամանակաւոր յանձնախումբերն ալ ոչ մէկ բան կը փոխեն:

 

 

Նախորդը

Եւրոպայի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Երիտասարդական Թեւը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ

Յաջորդը

Գիտաժողով Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։