Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Րաֆֆի Ետալեան Գեղանկարիչ-Քանդակագործ

May 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

5-19-15_raffi1Լիբանանահայ գաղութը ծաղկիլ սկսաւ գեղարուեստի մարզին մէջ քսաներորդ դարու կէսերուն:

Առաջինը եղաւ Կալենց, որ 1946-ին մեկնեցաւ Հայաստան, ուր ունեցաւ մեծահամբաւ անուն մը, որուն յաջորդեցին` Շարթ, Փոլ Կիրակոսեան, Տիգրան Տատրեան, Յարութիւն Թորոսեան, Կիւվտէր, Զաւէն Խտըշեան, Գրիգոր Նորիկեան, Զոհրապ Քէշիշեան, Ասատուր Պզտիկեան, աւելի ուշ` Ռուբէն Նաճարեան, որ այժմ Փարիզ կը գտնուի, Հրայր, Գրիգոր Ակոբեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Ռոզվարդ Սիսեռեան, Լէոնի, Ժաքլին Օհանեան, Կիւլէն Տէր Պօղոսեան եւ ուրիշներ:

Այս բոլորէն ետք պարապութիւն մը կը ստեղծուի մեր գաղութին մէջ մինչեւ 2000-ի սկիզբները:

Բարեբախտաբար վերածաղկիլ կը սկսի զոյգ մը Րաֆֆիներով` Րաֆֆի Ետալեան գեղանկարիչ եւ միաժամանակ քանդակագործ, որ հազուադէպօրէն կը պատահի` նկարիչ եւ միաժամանակ քանդակագործ, Րաֆֆի Թոքաթլեան` քանդակագործ, անվիճելի տաղանդով մը օժտուած: Ռիթա Մասոյեան-Ետալեան, որուն նկարչութիւնը կը հակի դէպի կիսախորանարդապաշտութիւն դպրոցին, Տարիա Խտըշեան եւ ուրիշներ:

Այս բոլորին մէջէն այժմ կ՛ընտրենք գեղանկարիչ-քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանը:

5-19-15_Raffi-Րաֆֆի վերջերս տուաւ քանդակներու եւ գեղանկարներու անհատական ցուցահանդէս մը, ուր նկարչութիւնը կը տիրապետէր: Հաճելի անակնկալ մը եղաւ ինծի համար, երբ գացի տեսնելու իր ցուցահանդէսը, որ ամբողջութեան մէջ դրական տպաւորութիւն ձգեց վրաս: Պէտք է խոստովանիլ, որ իր պաստառներն ու քանդակները գերադաս տպաւորութիւն մը ձգեցին վրաս: Իր ոճաւորումներուն մէջ կը տիրապետէր ուղղահայեաց գիծը եւ իր փոքր շրթունքները, իր նկարչութեան գիծերը ինքնավստահի մը տպաւորութիւնը կը ձգեն դիտողին վրայ: Աչքերու նայուածքը կը տարբերի իրական նայուածքներէն: Րաֆֆի զերծ կ՛առնէ գոյները եւ կը կեդրոնանայ աւելի գիծերու ուժգնութեան վրայ: Րաֆֆիին նկարչութիւնը ոչ միայն ինքնավստահ նկարիչի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ դիտողին վրայ, աւելի՛ն, ան դուրս կու գայ իր իւրայատկութեամբ: Իր պաստառները չեն յիշեցներ ուրիշ նկարիչներու ոճաւորումը եւ իւրայատուկ են` առանց ազդեցութիւն կրելու այլ նկարչութենէ: Իր պաստառները կը շեշտեն` ըսելով, որ Րաֆֆի ինքնավստահ ոճ մը ունի, եւ այդ ոճը անփոփոխ է իր նկարչութեան մէջ: Աչքերուն նայուածքները կը տիրապետեն ընդհանուր նկարչութեանը մէջ, գիծերը վարանող չեն, ընդհակառակը, ինքնավստահ անձի մը տպաւորութիւնը կ՛արտայայտեն եւ չեն դադրիր միաժամանակ իրապաշտ, բայց տարօրինակ ըլլալէ, անոնք միաձուլուած են` մնացեալ մասերու հետ ամբողջութիւն մը գոյացնելով:

Ետալեան, հակառակ անհատական ոճ մը ունենալուն, երբեք չի կրկներ ինքզինք: Այս մէկը ցոյց կու տայ իր լայն հորիզոն ունենալը, որ շատ կարեւոր ազդակ մըն է արուեստագէտի մը համար: Իր մարմիններուն անաթոմիին մասնիկները ունին միաժամանակ նոյնանման ոճաւորում մը, որով կ՛ամբողջացնէ ներդաշնակութիւնը նկարուածին եւ չի բաժնուիր իրականութենէն: Անոնք միաձուլուած են իրականութեան հետ:

Հոս կայ շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը: Րաֆֆի, հակառակ երիտասարդ տարիքին, կը նկարէ արդէն ոչ երիտասարդ նկարիչի մը պէս:

Պիտի ուզէինք գիտնալ, երբ տարիքը յառաջանայ, իր ոճը ի՞նչ երեւոյթ պիտի ստանայ եւ ի՞նչ տպաւորութիւն պիտի ձգէ դիտողին վրայ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Նոր Գիրքեր. Տառապանքի Եւ Յոյսի Ապրումներ (Յուշապատում) Բ. Տպագրութիւն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.