Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Ցեղասպանութեան Թեմայով Ելոյթ Կ՛ունենան Լիբանանի Կաթողիկէ Անգլիական Թեքումով Վարժարաններու Աշակերտութեան Դիմաց

May 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-12-15_Sourp-Khatch25-12-15_Sourp-KhatchՀայ ժողովուրդին համար 2015 թուականը շատ կարեւոր թուական մըն է այն առումով, որ հարիւրամեակն է մեր ազգի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական եւ դառնալից հատուածը համարուող Հայոց Ցեղասպանութեան: Առ այդ, հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, տարբեր ձեռնարկներով նշեցին Մեծ եղեռնի տարելիցը` թէ՛ ցեղասպանին եւ թէ՛ համայն աշխարհին ապացուցելու, թէ մենք անզիջող վճռակամութեամբ կը յիշենք մեր պատմութիւնը եւ պահանջատէր կը մնանք մեր արդար իրաւունքներուն:

Այս տարի, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը, իր ներքին թէ արտաքին ձեռնարկներով, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարեց ոչ միայն հայ աշակերտին մէջ վառ պահելով «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»-ի ոգին, այլ նաեւ` այս գծով քարոզչական աշխատանք տանելով արաբական դպրոցներու միջավայրին մէջ:

5-12-15_Sourp-Khatch1Այս առումով, երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, վարժարանին աշակերտները մասնակցեցան Լիբանանի մէջ անգլիական թեքումով կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտական միացեալ հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Հազմիէի Անթունիէ մայրապետներու դպրոցին մէջ: Վարժարանին ելոյթը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, եւ այս թեմայով անոնք ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` արտայայտչական պարով, «Ils sont tombés» երգով պատրաստուած տեսահոլովակի մը ընկերակցութեամբ, որ կ՛ընդգրկէր տարագրութենէն Լիբանան հասած գաղթական հայերու ապրելակերպը բարելաւող եւ անոնց կեանքը շէնցնող հայր Պօղոս Արիսի նկարները, որուն աւարտին երկու աշակերտներ կարդացին նաեւ անոր կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը, որ ինքնին ապացոյց կը հանդիսանայ լիբանանեան կեանքին մէջ հայազգի զաւակներուն աշխուժ ներգործութեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով վարժարանին նախապատուութիւն տրուած էր նաեւ կատարել հանդիսութեան փակումը: Ուստի, գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ վարժարանին պարախումբը` երկու պարերով` «Ատանայի ողբը» երգին նուագակցութիւնը` երգեհոնով Լիւսի Ղարիպեանի եւ ջութակով` Գէորգ Ներսէսեանի կատարողութեամբ, իսկ աւարտին վարժարանին երգչախումբը հանդէս եկաւ «Կիլիկիա», «Քայլենք Միասին» եւ «Կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն» երգերով` գլխաւորութեամբ երգի ուսուցչուհի Սոնիկ Բամպուքեանի: Յայտագրի վերջին բաժինով, վարժարանի երգչախումբին միացաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ լիբանանահայ համայնքին համար երգ մը նուիրած` լիբանանցի արուեստագէտ Ղասսան Ռահպանին, իր «Նահնա հոն մընիշ» երգով:

Աւարտին, վարժարանի տնօրէնուհի  Ռիթա Պոյաճեան յիշատակի նուէրով մը պատուեց Ղասսան Ռահպանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հազմիէի Անթունիէ մայրապետներու դպրոցի տնօրէնութեան, որ հիւրընկալեց մեզ, եւ Լիբանանի կաթողիկէ անգլիական թեքումով վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին` մեզի ընծայած այս առիթին համար, որով կարելի եղաւ լիբանանցի 955 աշակերտներու ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը ու հայ մշակոյթը:

 

Նախորդը

«Անապատի Կանչը»

Յաջորդը

Մտածումներ Աշխատանքի Անժամանցելիութեան Եւ Սերնդափոխութեան Մասին. Րոպէներէն Անդին, Պայքա՜ր` Ճակատագրի Դէմ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.