Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՀԵՏ ԱՐԾԱՐԾԵՑ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

August 9, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աունի հետ հանդիպման պահուն

«Իբրեւ հայ համայնք` կաթողիկէ, առաքելական թէ աւետարանական, իրաւունքներ ունինք վարչամեքենայի, յատկապէս թափուր պաշտօններու նշանակման մէջ», յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան եւ զօր. Աունի միջեւ կայացած խորհրդակցութեան առիթով:

Արդարեւ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Ռապիէի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի: Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զօր. Աունի հետ քննարկեց շրջանային ու տեղական վերջին իրադարձութիւնները եւ այս ծիրին մէջ` ազգային երկխօսութեան ու նախատեսուող վարչական նշանակումներուն հարցերը:

Հանդիպումի աւարտին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց երկխօսութեան շարունակումը: «Ծանօթ է, որ մենք առաջիններէն էինք, որ ողջունեցինք երկխօսութիւնը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ միայն երկխօսութեան ճամբով կարելի է լուծումներու յանգիլ», շարունակեց երեսփոխան Բագրատունի եւ աւելցուց. «Այս առիթով արծարծեցինք նաեւ վարչամեքենայի յատկապէս թափուր պաշտօններուն մէջ հայ համայնքի իրաւունքներու վերահաստատման անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անցեալին այս գծով անտեսումներ եւ ձգձգումներ պատահեցան»: «Ունինք ատակ տարրեր, որոնք պատրաստ են լաւագոյն ձեւով ստանձնելու պատասխանատուութիւնները», շեշտեց ան` դիտել տալով, որ «մենք մանրամասնութեան մէջ չենք մտներ, այլ կը շեշտենք ատակութեան սկզբունքի որդեգրումը նշանակումներուն մէջ: Ինչպէս ամէն համայնք, մենք ալ կ՛ուզենք վերատիրանալ մեր իրաւունքներուն», ընդգծեց Բագրատունի:

ՄԻՒՍ կողմէ, զօր. Աուն երէկ ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Աբրահամ Տէտէեանը եւ անոր հետ քննարկեց վերջին իրադարձութիւնները:

Նախորդը

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՏԵՂԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԻՐԱԿԱՆ` ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 907 08/08/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.