Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՄԱՍՆԱԿԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔՆԵՐ

August 9, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սարգսեանի ծաղկաձորեան յայտարարութիւնը` Արեւմտահայաստանի հետ կապուած, ճիշդ է, որ պահանջատիրական տարրեր կը ներառէր, այսուհանդերձ նրբանկատ մշակումներով կատարուած էր եւ որեւէ կերպով ռազմատենչ յայտարարութեան բովանդակութիւն չունէր:

Հայագիտական նիւթերու ողիմպիականի մասնակցող  երիտասարդին հարցումին ի պատասխան կատարուած այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց թրքական ոչ միայն լրատուադաշտին մէջ, այլ նաեւ պաշտօնական մակարդակներու վրայ: Այնքան մը, որ վարչապետ Էրտողան պահանջեց, որ մեր երկրի նախագահը ներում հայցէ Թուրքիայէն իր կատարած «սադրանք»ին համար:

Թրքական «Հիւրրիյէթ»ը երէկ միայն պարզ կը դարձնէր, որ աղաւաղած է նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը: Նախ պարունակէն դուրս բերած է մէջբերում մը, որ յամենայն դէպս, չէ արտասանուած նախագահ Սարգսեանին կողմէ:

Հայաստանի նախագահը, իբրեւ թէ, բառացիօրեն ըսած է` «Ղարաբաղը մենք վերցուցինք, Արարատ լեռն ալ ձեզի կը թողունք: «Հիւրրիյէթ»ի այս վերնագիրը թրքական եւ ապա ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ մէկը միւսին ետեւէն շրջանառութեան մէջ դրին:

Խնդիրը, այս պարագային, թրքական կամ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կատարած ապատեղեկատուութեան կամ պարունակէն դուրս կատարուող մէջբերումներով կարծիքի ապակողմնորոշման չի վերաբերիր: Այս բոլորը օրինաչափ երեւոյթներն են ինչպէս թրքական, այնպէս ալ ազրպէյճանական լրատուադաշտերուն համար:

Հարցը այն է, որ պաշտօնական Անգարան եւս իր յայտարարութիւններուն համար կը յենի ապատեղեկատուութիւն կատարող այս աղբիւրներուն վրայ: Այստեղ երկու տեսութիւն տրամաբանօրէն հրապարակ կու գայ: Կամ ա՛յն է, որ իբրեւ փաստացի եղելոյթ վարչապետ Էրտողան նկատի ունեցած է «Հիւրրիյէթ»ի հրամցուցածը առանց համապատասխան ստուգումներ կատարելու, կամ ալ ա՛յն է, որ իմանալով յայտարարութեան բուն բովանդակութիւնը` նախընտրած է կառչած մնալ առաջին տարբերակին:

Իրաւունք չունինք այնքան նախնականութիւն վերագրելու վարչապետի մամլոյ գրասենեակին: Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը` ամբողջ հարց-պատասխանի տարազով շատ արագ տեղադրուած էր արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ. եւ նման խնդրայարոյց, խառն պատգամներ պարփակող կամ տարաբնոյթ մկենաբանութիւններու տուն տուող յայտարարութիւններու պարագային բնականաբար  յղում կը կատարուի պաշտօնական լրատուութեան: Այստեղ պէտք է արձանագրել, որ հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներ եւս, առանց մաքրազտելու թրքական լրատուամիջոցներուն հրամցուցածը, տեղ կը տրամադրէին «Հիւրրիյէթ»ի նման թերթերու արտադրանքին առանց մէջբերելու յայտարարութեան բնագրային բաժինը:

Հիմա «Հիւրրիյէթ» կը խոստովանի, որ աղաւաղած է նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը: Առանց ուղղակի ներում հայցելու, «Հիւրրիյէթ» կը խոստովանի իր միտումնաւոր սխալը: Թրքական կողմէն կը բացակայի ցարդ պաշտօնական ինքնախոստովանանք մը` միտումնաւոր ձեւով աղաւաղուած տարբերակը օգտագործելու եւ յոխորտանքներով ներողութիւն պահանջելու: Նման աղաւաղումներ կատարողներէն ինքնախոստովանիլը կամ ներողութիւն խնդրելը ակնկալելի ալ չէ արդէն: Այդ բոլորը պարզապէս պատրուակներ էին նախապայմանային քաղաքականութիւն արդարացնելու համար:

Ճիշդ է. «Հիւրրիյէթ»ը ապատեղեկատուութիւն կատարած է: Այսուհանդերձ կրցած է գիտնալ հայութեան ակնկալութիւնը: Այո՛, այսօրուան սերունդէն կ՛ակնկալուի Արարատը տուն բերել:

«Ա.»

Նախորդը

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՍԹԱՆԱՅԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԱՅՆՃԱՐ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.