Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լա Հէյի Մէջ. «Էլի Հոպէյքա Ինծի Յայտնած Է, Թէ Ինքն Է Զիս Մահափորձի Ենթարկողը» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

May 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-07-15_Joumblat-STLԸնկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շարունակեց Լա Հէյի մէջ իր վկայութիւնները ներկայացնել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարին վերաբերող միջազգային դատական ատեանին:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ռիֆաաթ Ասատ փորձած է յեղաշրջել Հաֆեզ Ասատի վարչակարգը` աւելցնելով, որ երբ Ռիֆաաթ Ասատի թնդանօթները Դամասկոս մուտք գործած են, ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Դամասկոսի մէջ գտնուած է, սակայն անոնք վերադարձած են Լիբանան` յաւելեալ զարգացումներէ մտահոգուած:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ինք անտեղեակ է իր հօր սպանութեան առնչութեամբ Ռիֆաաթ Ասատի դէմ Ժորժ Հաուիի ամբաստանութենէն` դիտել տալով, որ ինք կառչած կը մնայ իր տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն հետաքննութիւնները փաստած են, թէ Քամալ ժոմպլաթ սպաննուած է սուրիական վարչակարգին կողմէ, սակայն յստակ չէ, թէ ան որո՞ւն հրահանգով սպաննուած է: «Իսկ այն ինքնաշարժը, որուն միջոցով հայրս սպաննուած է, ուղղուած է սուրիական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոն», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ան աւելցուց, որ Էլի Հոպէյքա իրեն յայտնած է, թէ զինք մահափորձի ենթարկած է` հերքելով այն տեղեկութիւնը, որ Ճոնի Ապտոն էր իր դէմ մահափորձ կատարողը:

«Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի ձգտումներ ունեցող անձնաւորութիւն էր, ան իրաւունք ունէր Լիբանանի մէջ քաղաքական դերակատարութիւն ունենալու եւ սպաննուեցաւ քաղաքական պատճառներով», շեշտեց Ժոմպլաթ:

Ան ընդգծեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը իր զէնքերը յանձնած է` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ որոշուեցաւ Հըզպալլայի զէնքը պահել` հարաւային Լիբանանը իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու համար: «Հետեւաբար Թաէֆի մէջ համաձայնեցանք, որ Հըզպալլա ազատագրէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը», նշեց ան:

Ան աւելցուց, որ իրենք մերժած են ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւը, որովհետեւ անիկա լիբանանեան ներքին հարցերուն միջազգային միջամտութիւն է: Ժոմպլաթ նշեց, որ թիւ 1559 բանաձեւը եւ Թաէֆի համաձայնագիրը իրարու հակադրուած են եւ այդ պատճառով ինք եւ Ռաֆիք Հարիրի մերժած են այդ բանաձեւը` անշեղ մնալով Թաէֆի համաձայնագիրէն:

Իր վկայութեան աւարտին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք վստահ չէ Հարիրիի սպանութեան Հըզպալլայի մեղսակցութենէն` աւելցնելով, որ ինք Սուրիոյ դէմ քաղաքական ամբաստանութիւն կ՛ուղղէ` Հարիրիի սպանութեան յանցանքով: Ան շեշտեց նաեւ, որ Հարիրիի սպանութիւնը Սուրիոյ շահերուն չէր ծառայեր:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլա Եւ Սուրիական Բանակը Յաջողած Են Ասսալ Ուարտի Բարձունքները Կապել Պրիթելի Բարձունքներուն

Յաջորդը

Պըրրի Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Օրինագիծերու Քննարկումն Ու Վերջնականացումը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.