Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԱՅՍՕՐ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ ՍՈՒՐԻՈՅ. «ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ԶՕՐԱՆՈՑՆԵՐԸ»

August 9, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այսօր Դամասկոս պիտի այցելէ` փոխանցելու համար իր երկրին կողմէ «խիստ» պատգամը եւ փոխարէնը թրքական կեցուածքին վերաբերեալ սուրիական իշխանութեանց «աւելի խիստ» պատգամը ստանալու համար: Երկու երկիրներուն միջեւ տիրող դիւանագիտական լարուած այս մթնոլորտին մէջ յստակ չէ, եթէ այդ այցելութիւնը պիտի իրականանայ, թէ մետասաներորդ պահուն ջնջուի:

Տաւութօղլուի Դամասկոս այցելութեան նախօրեակին, Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը երէկ Տաւութօղլուի ներկայութեամբ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութիւնը:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ. հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ ներկայ կացութիւնն ու ցուցարարներուն դէմ բռնարարքները դադրեցնելու միջազգային կոչերը:

Թոնըր նշեց, որ Քլինթըն ներկայացուցած է Ուաշինկթընի այն կեցուածքը, թէ Սուրիա իր զինուորները անմիջապէս իրենց զօրանոցները պէտք է վերադարձնէ եւ ազատ արձակէ բոլոր ձերբակալեալները: Ան յայտնեց, որ «Քլինթըն Տաւութօղլուէն խնդրեց այս պատգամը փոխանցել սուրիական կառավարութեան եւ վերահաստատեց Սուրիոյ մէջ դէպի ժողովրդավարութեան շրջադարձի հոլովոյթին նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութիւնը»:

Սուրիոյ վրայ հետզհետէ աճող դիւանագիտական ճնշումներուն ծիրին մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կիրակի ուշ գիշերին Սուրիոյ ուղղուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց, որ Դամասկոսի մէջ իր թագաւորութեան դեսպանը խորհրդակցութեանց համար տուն կը կանչէ` նշելով, որ Սէուտական Արաբիա չի կրնար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը ընդունիլ: Թագաւորը նշեց, որ Սուրիոյ ապագան երկու ընտրանքի առջեւ կանգնած է. կա՛մ իմաստութիւնը եւ կա՛մ ալ քաոսը: Ան վստահեցուց, որ Սէուտական Արաբիա իր եղբայրներուն նկատմամբ իր պատմական պատասխանատուութեան վրայ կը մնայ` նշելով միաժամանակ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը ծանօթ են սէուտական կեցուածքին: Նշենք, որ երէկ Քուէյթ եւս Դամասկոսի մէջ իր դեսպանները խորհրդակցութեանց համար տուն կանչեց, իսկ Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Սուրիոյ դէպքերուն նկատմամբ սէուտական կեցուածքը:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ծոցի արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մօտ օրէն ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութիւնը:

Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ կարծր կերպով հակազդելով Ապտալլա թագաւորին ուղերձին` զայն նկատեց աւելի ամերիկեան սպառնական պատգամ, քան եղբայրական նամակ մը, որովհետեւ, ըստ օրաթերթին, թագաւորը անտեսած է այն դէպքերն ու փաստերը, որոնք ցոյց կու տան, թէ Սուրիոյ իր եղբայրները ճառերու սահմանը անցնող դաւադրութեան մը կ՛ենթարկուին: Օրաթերթը կը նշէ, որ «կը թուի, թէ ուղերձը անակնկալի մատնեց ոչ միայն սուրիացիները, այլ նաեւ Դամասկոսի մէջ թագաւորութեան դեսպան Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ Ալիֆանը», որ «Ֆորսիզընզ» պանդոկին մէջ սուրիական պաշտօնական եւ ժողովրդային ներկայութեամբ սարքուած իֆթարէ մը դուրս գալէ ետք լսած է իր տուն կանչուելուն լուրը:

 

 

Նախորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ԻԼ ՏԵՄՈՔՐԱԹԻՔՕ»Ի ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՈՏՆԱՀԱՐԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.