Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ապրիլ 24-ին Ստեփանակերտի Մէջ Արցախցիներուն Հետ Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան Յիշատակը

April 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_StepanagerdԼեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ լայնածաւալ նախաձեռնութիւններով ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, այդ պատճառով ալ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան չմասնակցեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող արարողութիւններուն: Յատկանշական է, որ Արցախ կը գտնուէր նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` արցախցիներուն հետ յիշատակելու Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Եռագոյնին առաջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարներն ու միւս արցախցիները ուղղուեցան դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Պահանջը յստակ էր` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ու դատապարտում:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Անլռելի զանգակատուն» յուշակոթողին:

18 մեթր բարձրութեամբ այս կոթողը պիտի յիշեցնէ, որ արդարութիւնը պիտի չլռէ. «Աշխարհի լռութիւնը պիտի կոտրենք մեր ձայնով»:

«Թէեւ Ցեղասպանութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ ճանչցուած չէ, սակայն մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը, մարտունակ բանակն ու Հայաստան-սփիւռք եւ Արցախ անսասան եռամիասնութիւնն ի վերջոյ պիտի պարտադրեն արդար հատուցումը», հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան:

Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան յուշահամալիրին մէջ կատարեց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութիւնը:

«Անլռելի զանգակատան» կառուցման վայրը պատահականօրէն չէ ընտրուած, այլ հոն ամփոփուած են Արցախի պատերազմին, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին զոհուածներուն, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրէն բերուած նահատակ սուրբերու մասունքներ:

«Մենք պէտք է պաշտպանենք մեր արդարութիւնը, քանի որ արդարութիւնն ալ պաշտպաններու կարիք ունի», յայտնեց Արցախի թեմի առաջնորդը:

Թէեւ 24 ապրիլին Երեւանի մէջ համախմբուած էին համայն հայութիւնն ու օտար հիւրեր, սակայն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իր պարտքը նկատեց Ստեփանակերտ գտնուիլը. «Փափաքեցայ 24 ապրիլին Արցախի մէջ ըլլալ քանի  մը նպատակով: Ամբողջ ուշադրութիւնը  այսօր կեդրոնացած է Երեւանի եւ Ցեղասպանութեան վրայ, ու ատիկա ճիշդ է: Այդպէս ալ պէտք է ըլլար: Բայց պէտք չէ մոռնանք, որ մենք Արցախ ունինք, եւ ասիկա մեր գերխնդիրն է: Վաղն իսկ մենք ընելիք ունինք Արցախի համար», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան:

Նախորդը

Սերժ Սարգսեան Կը Տեսակցի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Մասնակցած Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մօտ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.