Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ, որ Հայաստան եկած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամակի յիշատակի արարողութեան մասնակցելու նպատակով:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց նախագահ Հոլլանտը եւ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է կրկին հիւրընկալել Ֆրանսայի նախագահը Հայաստանի մէջ, ուր ան այնքան սպասուած ու սիրուած հիւր է: Հանրապետութեան նախագահը իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ յիշեց տարի մը առաջ` այս օրը Հոլլանտի Հայաստանի մէջ` հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալու եւ ոգեկոչման ձեռնարկներու մասնակցելու մասին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան հպարտ է Ֆրանսայի նման պետութեան մը հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ունենալու համար: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ Հոլլանտի այսօրուան ելոյթը եւ անոր միջոցով աշխարհին յղած անոր ուղերձները, առանց որոնց ոգեկոչման այսօրուան ձեռնարկները լիարժէքօրէն տեղի պիտի չունենային:
Իր կարգին, Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդգծեց, որ այն զգացումը ունի, թէ Երեւանի մէջ պատմական իրադարձութեան մասնակցած է. պատմական, որովհետեւ 100-րդ տարելիցն էր Հայոց ցեղասպանութեան: Պատմական, որովհետեւ ձեռնարկին բոլոր մասնակիցները խաղաղութեան եւ յոյսի ուղերձ յղեցին այն ազգերուն, որոնք պատմութեան ընթացքին ճնշուած են եւ դառնութիւններ կրած:


