Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վլատիմիր Փութին Նախագահ Սարգսեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծեց Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Առանձնայատուկ Բնոյթը

April 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11128_bՀայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` հայ ժողովուրդին համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս օրը Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդին կողքին ըլլալուն համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահին նաեւ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց երկու օր առաջ իր ուղերձին մէջ, իսկ երէկ` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ունեցած ելոյթին մէջ այնպիսի խօսքեր արտասանելուն համար, որոնք յուզեցին իւրաքանչիւր հայ հոգի:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ թէ՛ իր, թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիներուն գնահատականով, այդ խօսքերը դաշնակցային, եղբայրական պետութեան ղեկավարի խօսքերն են:

«Դուք այսօր ձեր ելոյթին մէջ ըսիք, որ Ռուսիա տակաւին 100 տարի առաջ Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կառավարութիւններուն հետ նկատած է, որ այս գործողութիւնները, որոնք Օսմանեան կառավարութիւնը իրականացուցած է հայերուն նկատմամբ, ոճիր են մարդկութեան դէմ, եւ այդ ոճիրը պէտք է պատժուի: Ատիկա կը վկայէ Ռուսիոյ քաղաքականութեան հետեւողականութեան մասին: Անոր համար իսկապէս ուրախ եմ: Այնքան շնորհակալ ենք, որ դուք եկած էք: Անգամ մը եւս բարի գալուստ Հայաստան», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի նախագահին հրաւէրին համար եւ անգամ մը եւս ընդգծեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, հայ ժողովուրդի եւ ռուս ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ այլ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը:

«Այդ ամէնը շատ խոր պատմական արմատներ ունի: Մենք միշտ եղած ենք մտերիմ դաշնակիցներ, եղած ենք եւ այդպիսին պիտի մնանք ապագային: Այսօր մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան: Այժմ չեմ խօսիր քաղաքականութեան մասին, ատիկա ինքնըստինքեան հասկնալի է, մենք կ՛աջակցինք իրարու միջազգային բեմերուն վրայ: Սերտօրէն կ՛աշխատինք մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնները, մենք կը զարգացնենք մեր յարաբերութիւններու համարկման հոլովոյթներու մարզին մէջ, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան միացած է Եւրասիական տնտեսական միութեան: Տնտեսական յարաբերութիւնները նաեւ դրական ուժականութիւն ունին: Հակառակ նախորդ տարուան բոլոր դժուարութիւններուն, մենք առեւտրաշրջանառութեան աճ ունինք, եւ կարեւոր է պահպանել այդ դրական ուժականութիւնը: Ռուսական դրամագլուխի ներդրումները Հայաստանի մէջ կ՛աճին, բոլոր օտարերկրեայ ներդրումներու 40 առ հարիւրը ռուսական ծագման ներդրումներ են: Ինծի համար շատ հաճելի է այսօր այստեղ գտնուիլ ձեզի հետ եւ կարելիութիւն ունենալ խօսիլ մեր փոխադարձ գործակցութեան ամբողջ համալիրին մասին: Շնորհակալութիւն հրաւէրին համար», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

 

 

Նախորդը

Փութին Եւ Հոլլանտ Երեւանի Մէջ Քննարկեցին Միջազգային Հրատապ Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանի Հետ Տեսնուելու Ընթացքին. «Երեւանի Մէջ Պատմական Իրադարձութեան Մը Մասնակցած Ըլլալու Զգացումը Ունիմ» Կ՛Ըսէ Ֆրանսուա Հոլլանտ

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.