
«Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կ՛առաջադրէ նաեւ Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Դամասկոս կատարած իր այցելութեան առիթով:
«Կը մերժենք որեւէ արտաքին միջամտութիւն Սուրիոյ ներքին հարցերուն», աւելցուց նախարար Մանսուր` ընդգծելով, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կապերը իւրայատուկ, ամուր եւ եղբայրական են: Նախարար Մանսուր իր այս յայտարարութիւնը կատարեց նախագահ Պաշշար Ասատի հետ տեսակցել ետք` ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի, նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապանի, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի եւ Դամասկոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրիի:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկու պետութեանց յարաբերութեանց եւ շրջանային, սուրիական եւ լիբանանեան հրատապ հարցերուն շուրջ:
Այս առիթով հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ Դամասկոսի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը յայտնեց, որ նախագահ Ասատ բարձր գնահատած է ՄԱԿ-ի մօտ լիբանանեան պատուիրակութեան կեցուածքը` դրուատելով լիբանանեան կառավարութեան վճռակամ կեցուածքը Սուրիոյ կայունութեան գծով: Նախագահ Ասատ իր նախանձախնդրութիւնը յայտնած է երկու պետութեանց յարաբերութեանց ամրապնդման գծով:


