Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՀԱՄՈԶԵԼՈՒ, ՈՐ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԳԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

August 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գագիկ Մինասեան_

Հայաստանի Ազգային ժողովի ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, հանրապետական Գագիկ Մինասեան յայտնեց, որ իշխող համաձայնական կառավարութիւնը պատրաստ է երկխօսութեան միջոցով համոզելու Հայ ազգային քոնկրեսին, որ Հայաստանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններու կարիք չկայ:

Ան ընդգծեց, որ իրենց համոզումով` Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը ճգնաժամային չէ: «Մենք ունինք բազմաթիւ խնդիրներ եւ այդ խնդիրներուն ուղղութեամբ մենք կը կատարենք բազմաթիւ քայլեր: Եւ այդ բազմաթիւ քայլերը մենք պատրաստ ենք ներկայացնելու, որպէսզի մեր գործընկերներուն համոզենք, որ իրավիճակի իրենց ընկալումը, որմէ իրենք ելք կը տեսնեն արտակարգ ընտրութիւններու միջոցով, չի համապատասխաներ իրողութիւններուն», երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Մինասեան, որ երկխօսութեան համար իշխանութեան կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբի անդամ է:

Յիշեցնենք, որ անցեալ հինգշաբթի օր տեղի ունեցաւ իշխանութեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչներու երրորդ հանդիպումը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ այս շաբթուընէ սկսեալ կրկնապատկել հանդիպումներուն պարբերականութիւնը` հանդիպիլ շաբաթը երկու անգամ, երեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, ինչպէս նաեւ մշակուեցաւ յաջորդ հանդիպումներուն աշխատակարգը:

«Քննարկումներուն ընթացքը ինծի յոյս կու տայ, որ երկու կողմերը ունին գերակայ նպատակներ եւ այդ նպատակներուն հասնելու համար մենք պիտի յաղթահարենք բոլոր այն հարցերը, որոնք կան, կամ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի յառաջանան», յայտնեց Գ. Մինասեան:

 

Նախորդը

«ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՊԱՏՐԱՆՔ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Յաջորդը

ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.