«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քրեմլինի մէջ չեն բացառեր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեւանի մէջ հանդիպում ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
«Փութինի եւ Հոլլանտի Երեւան այցելութիւնը պիտի համընկնի, անոնք պիտի գտնուին նոյն վայրին մէջ` նոյն ժամանակահատուածին, այդ պատճառով ալ բացառել անոնց հանդիպումը այն ծրագիրի ծիրին մէջ, որ պատրաստած է հայկական կողմը, կարելի չէ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Մինչ այդ, «Նուվել տ՛Արմենի» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս 24 ապրիլին Փարիզի մէջ Քանատայի հրապարակին վրայ Կոմիտասի արձանին մօտ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին պիտի արտասանէ խօսք մը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան հանդիպում ունեցած է Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Զոյի Քոնսթատոփուլուի հետ: Վերջինս հաստատած է, որ 24 ապրիլին պիտի այցելէ Երեւան:


