
Երէկ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժեպրայիլ Ժէարան, որ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը կ՛աւարտէ Հայաստանի մէջ:
Ողջունելով դեսպանը` վարչապետը բարձր գնահատեց հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը: Տիգրան Սարգսեան կարեւոր նկատեց Ժէարայի աշխատանքը Հայաստանի մէջ` երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ: Վարչապետ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին պաշտօնավարման ութ տարիներուն ընթացքին հայ-լիբանանեան միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման նպատակով անոր ներդրած աւանդին համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` դեսպան Ժէարա վստահեցուց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը եւս նպատակաուղղուած ջանքեր կը գործադրէ` հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու եւ զարգացնելու համար: Դեսպանը տեղեկացուց, որ լիբանանեան քանի մը ընկերութիւններ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներու իրականացումով` ապահովագրական ծառայութիւններու մատուցման մարզերուն մէջ:
Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին, որ Հայաստան եւ Լիբանան, ունենալով բազմաթիւ ընդհանրութիւններ եւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ հաստատուած պատմական աւանդութիւններ, մշտապէս պիտի շարունակեն իրենց արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:


