Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆ ԻՆԸ ԱՄԻՍՈՎ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ Կ՛ԸՆԴՎԶԵՑՆԷ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ

August 6, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանին կողմէ բանտարկութեան տարին ինը ամսուան նուազեցնել առաջարկող օրինագիծի մերժումը ընդվզումի լայն ալիք յառաջացուց բանտարկեալներու ընտանեկան պարագաներուն մօտ, որոնք երէկ յետմիջօրէին փողոց իջնելով անիւներ այրեցին եւ փակեցին Քոքոտիի եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան: Աւելի ուշ, լիբանանեան բանակի եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան միաւորներ յաջողեցան մարել այրող անիւներու կրակը եւ վերաբացին ճամբաները:

Դէպքը առանց այդ ալ արտասովոր խճողումը սաստկացուց` ընդհատելով քաղաքացիներուն երթեւեկը նշեալ ճամբաներուն վրայ:

Երեկոյեան Ռումիէի բանտին մէջ բանտարկեալներ բաց հացադուլ յայտարարեցին` պահանջելով համաներումի օրէնքի վճռումը:

Միւս կողմէ, նոյն այս հարցին առնչութեամբ, բանտերու եւ բանտարկեալներու կացութեան մօտէն հետեւող դեսպան Ալի Խալիլ երէկ ոչ ուղղեց պատկան կողմերուն վերստին օրակարգի վրայ դնելու եւ քննարկելու բանտարկութեան տարին ինը ամիսով փոխարինել առաջարկող օրինագիծը: Ան դիտել տուաւ, որ բանտարկեալները յատուկ համայնքի մը չեն պատկանիր, այլ բանտին մէջ կան զանազան համայնքներու պատկանող պարագաներ, որոնցմէ շատեր կը տառապին առողջապահական անյետաձգելի հոգածութեան կարօտ հիւանդութիւններէ:

«Վանայ Ձայն»ի արաբերէն յայտագիրի հարցումներուն պատասխանելով` Ալի Խալիլ մտավախութիւն յայտնեց այս հարցի ժխտական զարգացումներու հաւանականութեան գծով, այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ բանտարկեալներ կը մտադրեն վերստին բողոքել` խաղաղ նստացոյցեր կազմակերպելով Ռումիէի բանտի իրենց խցիկներուն մէջ:

Իր կարգին, արդարադատութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ այս հարցը յաւելեալ սերտողութեան կը կարօտի` նկատի ունենալով մահապատիժի եւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուածներու պարագան:

Նախարարը յայտնեց նաեւ, որ կը ծրագրուի նոր բանտեր կառուցել լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ` բանտերուն մէջ տիրող խճողումը թեթեւցնելու առաջադրանքով:

 

 

 

Նախորդը

«ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԱԾ ԵՆ ՌՈՒՍ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒ

Յաջորդը

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼՈՎ. ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐՈՒԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.