Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆՈՐ ՊԵՏԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾ Է» Կ՛ԸՍԵՆ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ

August 6, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Էօզել եւ Էրտողան

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Ձախ կուսակցութեան անդամ հինգ երեսփոխաններ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած են, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նոր նշանակուած պետ զօր. Նեճտեթ Էօզել զինուորական յանցագործ է:

Գերմանացի երեսփոխանները դիմած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` նշելով, որ «զինուորական յանցագործ նկատուող զօրավարի մը հետ քրտական հարցը լուծելը կարելի պիտի չըլլայ»:

«Նեճտեթ Էօզել պատասխանատուութիւն կը կրէ ոչ միայն քրտական շրջաններուն մէջ իրականացուած սպանութիւններուն, խոշտանգումներուն եւ բռնութիւններուն, այլ նաեւ` 1999-ին քիւրտ զինեալներու դէմ քիմիական զէնք օգտագործելուն համար», կը նշուի գերմանացի երեսփոխաններուն յայտարարութեան մէջ:

Օրեր առաջ քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նոր նշանակուած պետ զօր. Նեճտեթ Էօզել ժամանակին քիւրտ զինեալներու դէմ քիմիական զէնք օգտագործած է:

Ըստ լրատու գործակալութեան, Էօզել 11 մայիս 1999-ին գլխաւորած է թրքական բանակի` Քրտական ազատագրութեան բանակի զինեալներուն դէմ իրականացուած գործողութիւնը, որուն ընթացքին օգտագործած էր քիմիական զէնք, որուն պատճառով ալ քսան քիւրտ զինեալներ սպաննուած էին: Այդ գործողութեան համար Էօզել քիւրտերու շրջանակին մէջ ստացած է «Քիմիական Նեճտեթ» անունը:

Նշենք, որ այդպիսի մականուն ստացած էր նաեւ Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հիւսէյնի ազգական Ալի Հասան Մաժիտը, որ մահապատիժի ենթարկուեցաւ 2010-ին: Մաժիտ 1988-ին գլխաւորած էր «Անֆալ» գործողութիւնը, որուն ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործած էր Իրանի սահմանին մօտ գտնուող Հալապճա քաղաքի բնակիչներուն դէմ` սպաննելով հինգ հազար քիւրտ խաղաղ բնակիչ: Այդ գործողութենէն ետք ան ստացած էր «Քիմիական Ալի» անունը:

 

Նախորդը

ԱԶԻՄՈՎ – ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

ԱԼԻԵՒ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՍՈՉԻ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.