Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ. «Պոլսոյ Հայերուն Հետ Զրոյց»-ը Լուսարձակները Կեդրոնացուց Պոլսահայ Համայնքի Դժուարութիւններուն Վրայ

April 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-10-15_zom-1Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լսարան մը` «Զրոյց մը Պոլսոյ հայերուն հետ» խորագիրով: Օրուան զեկուցաբերներն էին` «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան եւ «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան անդամներէն, ընկերաբան Սայաթ Թեքիր:

Արեւիկ Փափազեան
Արեւիկ Փափազեան

Արեւիկ Փափազեան ԶՈՄ-ի անունով երկու խօսքով բացաւ ձեռնարկը:

Էսթուքեան յայտնեց իր ուրախութիւնը Պէյրութ գտնուելուն համար: Ան համառօտ ակնարկով մը ներկայացուց արեւմտահայ մշակոյթի մայրաքաղաքը հանդիսացող Պոլսոյ հայ համայնքին պատմութիւնը: Էսթուքեան նշեց, որ ներկայիս Պոլսոյ հայութիւնը ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուածներու շառաւիղներէն կազմուած է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ ազգ-պետութիւն հասկացողութիւնը չէ հանդուրժած թուրք ազգութենէն զատ ուրիշ ազգութիւնները` շեշտելով, թէ թուրք ազգութիւնը արուեստական ազգութիւն է` կազմուած պետականութեան կողմէ: Ըստ Էսթուքեանի, մինչեւ օրս ճնշումի ու հալածանքի քաղաքականութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ:

4-10-15_zom-2Սայաթ Թեքիր շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ու դիտել տուաւ. «Երանի՛ ամէն գաղութ Լիբանանի գաղութին պէս ըլլայ»:

Թեքիր ներկաներուն ծանօթացուց «Նոր Զարթօնք»  միութիւնը, որուն համաբանբերն է ան: «Նոր Զարթօնք»-ը Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ձեւաւորուած բազմազգի հասարակական միութիւն մըն է, որ քաղաքական եւ ընկերային-դասակարգային հարցերով կը զբաղի: Միութիւնս տասնհինգ լեզուներով հաղորդումներով «Նոր Ռատիօ» անունով ձայնասփիւռի կայան հիմնած է: Այս տասնհինգ լեզուներուն կարգին են համշէնահայերէնը, արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը: Թեքիր ընդգծեց, որ Պոլսոյ հայ համայնքը մօտ յիսուն հազար մարդ կը հաշուէ, հինգ երկրորդական վարժարաններ ու տասներկու միջնակարգ վարժարաններ ունի: Մօտ երեք հազար հայ աշակերտ կայ Պոլսոյ հայ վարժարաններուն մէջ: Այսուհանդերձ, Պոլսոյ մէջ հայերէնի ու հայախօսութեան վիճակը վատ է` համաձայն պոլսահայ հիւրերուն:

Զեկուցաբերները շեշտեցին, որ մարդուն փոխարէն շէնքերն են, որ համայնքին նիւթական ներդրումը կը ստանան: Ըստ Էսթուքեանի, հիւանդանոցներն ու դպրոցները հպարտութիւն կը պատճառեն, բայց համայնքի վերնախաւի մարդիկը հայկական հիւանդանոցին մէջ չեն բուժուիր եւ իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն ուղարկեր:

Էսթուքեան դիտել տուաւ, որ պոլսահայերու նոր սերունդին մէջ հայախօսները բացառութիւն կը կազմեն ի հակառակ նախորդ սերունդներուն, ուր հայախօսութիւնն էր տիրականը: Ան յայտնեց, թէ հող պէտք է «մշակոյթ» բառին արդարացման համար` ակնարկելով հայերէնին իբրեւ կենդանի լեզուի ու հայ մշակոյթին:

Թեքիր համարձակօրէն խօսեցաւ պոլսահայութեան մէջ գոյացած ապակեդրոնացման եւ անմիաբանութեան մասին:

Զեկոյցը անդրադարձաւ կրօնափոխ եւ ծպտեալ հայերու կնճռոտ հիմնահարցին:

Թեքիր անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի պահպանումը հետապնդող «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան»:

100-ամեակի առիթով Էսթուքեան դժգոհութիւն յայտնեց հայ ազգի քաղաքական վարքագիծին գծով: Վկայակոչելով Հրանդ Տինքի խօսքը` ան ընդգծեց, որ թրքատեացութիւնը թունաւոր յատկութիւն է, որ տեղ չի հասցներ:

Ներկաներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով Էսթուքեան հաստատեց, որ սփիւռքի եւ Պոլսոյ միջեւ ուսումնական գետնի վրայ պէտք է ըլլայ համագործակցութիւն, որ ապագային երկու կողմերուն միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ մեծ նպաստ պիտի ունենայ: Ան միաժամանակ  լուսաբանեց սփիւռքի ու հայկականութեան հանդէպ Պոլսոյ մէջ պարզուած պահպանողականութիւնը, վախը եւ վերապահութիւնը` իբրեւ արդիւնք Թուրքիոյ պետութեան տասնեակ տարիներու վրայ գործադրուած ճնշումներուն ու հալածողական քաղաքականութեան:

Զեկուցաբերները նաեւ անդրադարձան Թուրքիոյ քաղաքական-ընտրական շրջածիրին մէջ երկրի հայութեան դիրքորոշումներուն: Էսթուքեանի գնահատականով` Թուրքիոյ հայութեան կէսը Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութեան պիտի տայ իր քուէն:

Իր կարգին, Սայաթ Թեքիր նկատել տուաւ Թուրքիոյ հայութեան հասարակական շարժումին մէջ կիներու բացակայութիւնը:

Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն զանազան հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Բեմ Հանեց «Կոթողական» Թատերախաղը

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Այնճարի . Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Մարմինին Շնորհահանդէս-Մակագրում` Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներ` Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Խորագրեալ Գիրքին

RelatedPosts

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ

November 12, 2026
Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.