Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ժանեթ Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

April 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

4-10-15_A-JE-(64)Քանի մը տարի առաջ, տեսնելէ ետք Ժանեթ Յակոբեանի ցուցահանդէսը Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, իր ոսկեմատեանին մէջ գրած էի. «Տիկին Ժանեթ Յակոբեանի գործերը զիս անակնկալի բերին իրենց կառոյցով եւ այլ արժանիքներով», որքան կը յիշեմ:

19 մարտէն «Արթ լուանճ» ցուցասրահին մէջ ներկայացուած իր իւղանկարները հասած են կատարելութեան` իրենց համադրութեամբ, ձեւերու ներդաշնակութեամբ եւ մակերեսի յագեցուածութեամբ:

4-10-15_Anarchism-Ժանեթ Յակոբեան կը մեկնի էութենէ առնուած նիւթերէ, օրինակ՝ դէմք մը, անձ մը, տիպար մը, որ մեծցնելով` մեծ պաստառի մը միջոցին մէջ կը բաժնէ բազմաթիւ մասերու, երկար կ՛աշխատի այդ մասերը իրարու շաղկապելու եւ հասնելու ամբողջական նկարի մը: Նկարը առաջին նայուածքով կը թուի վերացական (այս մէկը նկարչութեան մէջ մեծ արժանիք է` ըստ Փուսենի), ոչ մէկ բան ներկայացնող, սակայն, երբ երկար կը դիտենք, կամաց-կամաց նկարը կը դառնայ տեսանելի: Այս ձեւի մօտեցման ամէնէն ցայտուն նմուշներն են` երկու «Անարշիստ» վերնագրուած նկարները, մին կարմիր, միւսը` մոխրագոյն երանգներով: Հրաւիրատոմսի վրայ գտնուող գլուխը, կազմուած` բազմաթիւ շերտերէ, լաւագոյնս կը ներկայացնէ իր արտայայտել ուզածը: Մեկնելով այս վիճակէն կամ փուլէն` աւելի հեռու կ՛երթայ իր փնտռտուքին մէջ ու կը յանգի վերացականութեան (ինչպէս` թիւ 2-ն ու 3-ը), որոնք անընթեռնելի են` նկարի առումով, բայց թիւ 1-ը, որ կը ներկայացնէ գլուխ մը, յստակ է իբրեւ նկար:

4-10-15_3924-aIMG_3722Այս մեկնաբանութեան ձեւը կիրարկուած է արդի հոսանքի նկարիչներու կողմէ: Տիկին Ժանեթ յաջողապէս կը հասնի իր մտասեւեռումին:

Յաջորդ հանգրուանը, քայլը կամ տրամաբանական զարգացումը զինք պիտի տանի աւելի հեռու, կատարեալ վերացապաշտութիւն:

Կը մնայ սպասել ու տեսնել, թէ՞ նկարչուհին այդ ուղղութեա՞մբ պիտի ընթանայ, թէ՞ տեղի պիտի ունենայ նոր մօտեցում մը, նոր ուղղութիւն մը, նոր շրջան մը:

Կը մաղթենք, որ տիկին Ժանեթ շարունակէ իր փնտռտուքները` տալու նորագոյն գործեր:

Տիկին Ժանեթ կը նկատուի մեր երիտասարդ լաւագոյն նկարչուհիներէն մին:

Մէկ բան պիտի ուզէինք յիշեցնել տիկին Ժանեթ Յակոբեանին. բազմաթիւ ժամանակակից նկարիչներ, հեռանալով բնութենէն, ինկած` անհեթեթի հոսանքին մէջ, օր մըն ալ իրենք զիրենք գտան պատի առջեւ…

Յուսանք, որ իր կենսունակութիւնն ու կեանքի հանդէպ ունեցած սէրը զինք կ՛առաջնորդեն աւելի լուսաւոր աշխարհ մը:

Պուրճ Համուտ
20/3/2015

Նախորդը

Առաջարկ. Որպէսզի Չընդհատուի Երթը

Յաջորդը

«Փթիթ» Թիւ 12. Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.