Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Մուրթատա Սարմատի Կ՛այցելէ Լիբանան

April 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1428496941_Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մուրթատա Սարմատի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:

Սարմատի իրեն ընկերակցող իրանեան պատուիրակութեան եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի հետ այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Սարմատի յայտնեց, որ քննարկած են շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս վերջին տասը օրուան զարգացումները, որոնց շրջագիծին մէջ Իրանի հիւլէական թղթածրարին մասին գոյացած համաձայնութիւնն ու զայն վերջնականացնելու հեռանկարները:

Սարմատի նշեց նաեւ, որ քննարկուած են նաեւ Եմէնի դէմ զինուորական գործողութիւնները եւ այդ տագնապը լուծելու միջոցները:

Ան աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուած է եմէնցիներուն սպանութեան եւ Եմէնի քանդումին կասեցումը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հարցին քաղաքական լուծում մը ապահովել եւ եմէնցիները քաջալերել երկխօսութիւն կատարելու:

Վարչապետարանին Մէջ

Ֆաթհալի, Սարմատի եւ Սալամ
Ֆաթհալի, Սարմատի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին ընդունեց Սարմատին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Սարմատի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական հոսանքներն ու ուժերը կրնան ներքին տարակարծութիւններուն լուծումներ գտնել երկխօսութեան միջոցով:

Սարմատի յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է Իրանի ստորագրած հիւլէականի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Եմէնի տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ Թեհրան կը մերժէ Եմէնի մէջ զինուորական լուծումը:

Ան աւելցուց, որ դաշնակից ուժերուն կողմէ Եմէնի ռմբակոծումը թիրախ կը դարձնէ անմեղ քաղաքացիները եւ կը քանդէ երկրին ենթակառոյցները: «Սէուտական Արաբիա եւ անոր դաշնակից ուժերը ռազմավարական սխալ մը գործած են, եւ շրջանին ապահովական կայունութեան յանձնառու որեւէ երկիր պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ

Եմէնի տագնապին խաղաղ լուծում մը ապահովելու», ըսաւ Սարմատի:

Պասիլի Մօտ

Սարմատի եւ իրանեան պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սարմատի յայտնեց, որ Եմէնը բաղկացնող տարրերուն միջեւ քաղաքական տարակարծութիւն արձանագրուած է, եւ աւելի ուշ այդ տարակարծութիւնները վերածուած են հարցերու, «սակայն այս հանգրուանին անոնք վատագոյն պայմաններու մէջ կ՛ապրին` նկատի ունենալով Եմէնի դէմ զինուորական արտաքին գործողութիւնները», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի` Սարմատի դրուատեց Լիբանանի Դիմադրութիւնը, որ կրցած է պարտութեան մատնել սիոնական գոյացութիւնը եւ պատմական յաղթանակ արձանագրել անոր դէմ:

«Իրան անշեղ կը մնայ Լիբանանին իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ, բանակ եւ ապահովական կայունութիւն զօրակցելու իր կեցուածքէն եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական սպառնալիքներուն դէմ դնելու առումով», ըսաւ ան:

Սարմատի նշեց, որ Թեհրան վստահ է, որ լիբանանցիները պիտի կարենան նախագահական ընտրութիւն կատարել` աւելցնելով, որ Իրան յանձնառու կը մնայ լիբանանեան ներքին հարցերուն չմիջամտելու:

«Հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն ետք, եթէ լիբանանցին համոզուի, թէ իր քաջ բանակին համար իրանեան զինուորական օժանդակութեան առաջարկին համաձայն կրնայ գտնուիլ, ապա Թեհրան պատրաստ է իր օժանդակութիւնը ոսկեայ ափսէով ներկայացնելու Լիբանանին», եզրափակեց Սարմատի:

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավար Մը

Յաջորդը

Պըրրի. «Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.