Մ. Լ.
Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային համագումարին մասնակցելու համար մարտ 24-ի առաւօտուն Փարիզ հասած էր փրոֆ. Ռիչըրտ Յոհաննէսեան: Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը նոյն օրը երեկոյեան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ հանդիպում մը կազմակերպած էր պատմաբանին հետ` Կեսարիոյ եւ Փոքր Ասիոյ հայ համայնքներուն նուիրուած անոր նոր լոյս տեսած հատորին առիթով: Ներկայ էին Փարիզի հայոց առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Նորվան արք. Զաքարեան, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:
Համազգայինի վարչութեան կողմէ ձեռնարկին բացումը կատարելով` Հուրիկ Պաղտասարեան յայտնեց, թէ պիտի չծանրանայ փրոֆեսէօրի կենսագրութեան վրայ, որովհետեւ վերջինս հանրութեան ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է` իր երկար տարիներու ուսումնասիրական աշխատանքին եւ լոյս ընծայած տասնեակ հատորներու ընդմէջէն: Հ. Պաղտասարեան առիթը յարմար նկատելով` անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ դպրոցաշինութեան հայանպաստ գործին. «Երէկ Մարսէյի Ճեմարանի նոր շէնքը, այսօր Դպրոցասէրի մանկապարտէզը եւ մօտ օրէն` Ալֆորվիլի վարժարանը»: Ան այս առիթով դրուատեց յատկապէս Նորվան սրբազանին անխոնջ աշխատանքը: Այնուհետեւ տեղեկացնելով, թէ Անահիտ Տէր Մինասեանի` պատմաբանին նուիրուած «L՛echiquier armenien entre guerres et revolutions-1878-1920» գիրքը շուտով պիտի ներկայացուի հանրութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին, Տիկնանց միութեան եւ Հուսիկ քհնյ. Սարգսեանին, որ յանձն առած էր երեկոյթի թեքնիք բաժինը (սահիկներու եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն) եւ խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօսին:
Ռիչըրտ Յովհաննէսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց կրկին անգամ Փարիզ գտնուելուն համար եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իր ընտանիքին պատմութիւնը, որ կրնայ ամէն hայու պատմութիւնը ըլլալ, եւ ըսաւ, թէ Ցեղասպանութիւն տեսած ո՛չ մէկ ժողովուրդ ենթարկուած է հայոց ճակատագիրին: «Երբ մեր երկիրը բռնագրաւուելէ ետք վտարանդի դարձանք եւ մեզի արգիլուեցաւ վերադառնալ մեր տուները` Խարբերդ, Վան, Մուշ… Քեմալական տարիներուն Թուրքիա որդեգրած էր հայերու մասին չխօսելու ռազմավարութիւնը, որովհետեւ, իր կարծիքով, մէկ սերունդ ետք վերապրողները այլեւս պիտի չյիշէին իրենց արտերու, այգիներու, գիւղերու մասին եւ օտար ափերու մէջ պիտի նախընտրէին ըլլալ տուեալ երկիրներու քաղաքացիներ` մոռնալով իրենց անցեալը: Իմ օրինակը բերելով` կրնամ ըսել, թէ ես ալ մանկութեան տարիներուս թէեւ տեղեակ էի ծնողքիս անցեալէն, չէի ուրանար ինքնութիւնս, բայց կ՛ուզէի ուրիշներու նմանիլ եւ անոնց կողմէ ընդունուիլ…»: Բանախօսը ըսաւ, թէ խարբերդցի հայրը` Գասպար, ջարդի ժամանակ 12 տարեկան եղած է եւ կորսնցուցած է իր ամբողջ գերդաստանը: Ան 20 տարեկանին հասած է Ամերիկա: Ինք պատանեկան շրջանին սկսած է հետաքրքրուելու հայութեամբ եւ 21 տարեկանին հայերէն սորված է: Հմտացած է Լիբանանի մէջ, ուր տարի մը ուսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի հրաւէրով: Այնուհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանին մէջ (ուր նաեւ դասախօս էր) հիմնած է հայագիտական ամպիոնը եւ մինչեւ վերջերս այդ կեդրոնին տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէր: Փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեան տեղեկացուց, թէ այսօր Հայաստանի մէջ կ՛ընթանայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին իր գրած հինգ հատորներուն հայերէն թարգմանութիւնը:
Բանախօսը նշեց, թէ «պողպատէ պատը» քանդուելէ ետք մարդիկ խումբերով սկսան այցելելու Արեւմտեան Հայաստան, բայց ինք սկիզբը չէ փափաքած հոն երթալ, որովհետեւ չէ ուզած տեսնել քանդուած եկեղեցիներ, տուներ, աւաններ, ուր թուրքերն ու քիւրտերը կը փորփրեն, կը թալանեն եւ աւերակներու կը վերածեն: Յետոյ 2006 թուականէն ի վեր յաճախ ճամբորդած է հոն եւ սկսած է հետզհետէ հրատարակելու արեւմտահայաստանի պատմական քաղաքներուն եւ գաւառներուն նուիրուած հատորներու շարքը` Վան-Վասպուրական, Բաղէշ-Պիթլիս-Մուշ, Խարբերդ կամ Ծոփաց Աշխարհ, Կարին-Էրզրում, Փոքր Հայք-Սեբաստիա, Տիգրանակերտ-Ուրֆա եւ Կիլիկիա: Պատմաբանը անդրադարձաւ սեւծովեան Պոնտոսի, Տրապիզոնի, Սամսոնի շրջաններու կարեւորութեան եւ անշուշտ խօսեցաւ հայկական Պոլսոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան երկրորդ քաղաք` Զմիւռնիոյ մասին, ուր հակառակ անոր որ շուրջ 25 հազար հայեր կը բնակէին, սակայն շատ մեծ նշանակութիւն ունէր առեւտրական եւ մշակութային առումով: «Պոլիսը եւ Զմիւռնիան մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ու մանաւանդ արեւմտահայ գրական լեզուի զարգացման առումով հսկայական դեր ունեցած են», ըսաւ Ռ. Յովհաննէսեան եւ խօսեցաւ իրեն համար ամէնէն ցաւալի երեւոյթին` վախճանին մասին Կարսի եւ Անիի, որոնք մինչեւ 1920 թուականը մաս կազմած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այնուհետեւ խլուած ու տրուած են քեմալական Թուրքիոյ: Ատոր համար ալ Հայաստանը որբացաւ եւ այսօր, ինչպէս գիտենք, շրջափակուած եւ ենթակայ է ամէն տեսակ ճնշումներու: «Մեր երկիրը ներկայիս դժուարութեամբ կը գոյատեւէ, եւ այսօր եթէ մենք ունենայինք Կարսն ու Անին, մեր ժողովուրդին թիւը 15 միլիոնը անցած պիտի ըլլար…», նշեց պատմաբանը:
Կարգը հասած էր Կեսարիոյ (այսօր` Քայսերի), որ պատմական Հայաստանի մաս չէր կազմեր, բայց ժամանակին հոն կը բնակէին մեծ վաճառականներ, առեւտրականներ ու գործարանատէրեր, որոնց հիմնական զբաղումը մետաքսագործութիւնն էր: Այս երկրամասը նշանաւոր եղած է իր դպրեվանքով եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիով: Կեսարիոյ մէջ է, որ ուսում ստացած, քրիստոնէութիւնը ընդունած եւ առաջնորդ ձեռնադրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը: Փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեան անցեալ տարի հրատարակած է Կեսարիոյ եւ Փոքր Ասիոյ հայկական համայնքներուն առնչուող հատորը: Ան ի միջի այլոց ըսաւ, թէ Ալֆորվիլի հայ համայնքէն շատեր եկած են այդ շրջանին մէջ գտնուող Չինկիլերէն, որ Իզմիթի, Պուրսայի, Էսքիշեհիրի կամ Ատապազարի տարածքն է, ուր 19-րդ դարուն մշակութային մեծ վերելք ապրած է` իր մօտաւորապէս 100 հազար բնակչութեամբ: «Հակառակ անոր որ հայերը ազգաբնակչութեան երեք-չորս տոկոսը կը կազմէին, բայց ամէն մէկ շրջանին մէջ ունէին իրենց դպրոցները, եկեղեցիները եւ թերեւս ալ այդ պատճառով էր, որ դրացիներուն նախանձը կը շարժէին…
Ռ. Յովհաննէսեանի այս շարքին վերջին հատորը պիտի յատկացուի Մուսա Տաղի, Քեսապի եւ Տէօրթ Եոլի հայերուն:
Յայտնենք, թէ Ռ. Յովհաննէսեանի բանախօսութեան ընթացքին կը ցուցադրուէին Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններու պատկերներ (երէկուան շէնը եւ այսօրուան աւերակը), քարտէսներ: Իւրաքանչիւր բնակավայրի մասին ան վաւերական տեղեկութիւններ կը փոխանցէր:
Պատմական Հայաստան ճամբորդութիւններու ընթացքին փրոֆեսէօրին ընկերակցած է իր դուստրը` Անի Յովհաննէսեան (շարժարուեստի մասնագէտ), որ նկարահանած է այդ շրջանները, հայերուն հետ հանդիպումները, որոնք վաւերագրական ժապաւէնի մը տեսքով պիտի հրատարակուին: Այդ շրջագիծին մէջ ցուցադրուեցաւ Տիգրանակերտէն եւ Համշէնէն հատուածներ եւ յուզիչ տեսարաններ: Կ՛երեւէր տիգրանակերտցի երիտասարդը, որուն մեծ հօրը հայրը հայ եղած է եւ ինք համացանցի եւ գիրքերու միջոցով տեղեկացած է, թէ իր նախնիները ջարդերու ենթարկուած են… Նաեւ` երէց սերունդի վերջին ներկայացուցիչ, աշխուժ ու ժպտերես տիկին Պայծառը, որ դժուարութեամբ հայերէն կը խօսէր: Անին ըսաւ, թէ վերջին անգամ երբ հոն գացած է, անոր քրոջմէ իմացած է, որ տիկին Պայծառն ալ մարած ու գացած է…
Տպաւորիչ էր նաեւ համշէնցիներու հետ հանդիպումը, որոնք համշէնի բարբառով կ՛ըսէին, թէ հայ չեն, այլ համշէնցի են: Բայց Անի Յովհաննէսեան անակնկալով մը ցոյց տուաւ ի վերջոյ համշէնցի մը, որ ըսաւ` «հայ եմ»:
Ձեռնարկի աւարտին բանախօսը մակագրեց իր հատորները:


