Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Թուրքմենիստանի Նոր Դեսպանը Նախագահին Յանձնեց Հաւատարմագիրները

April 2, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-01-15_turkՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Թուրքմենիստանի նոր դեսպան Մուհամետնիազ Մաշալովը, որ իր հաւատարմագիրները յանձնած է նախագահին:

Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է դեսպան Մաշալովը, Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելուն առիթով եւ  յաջողութիւն մաղթած է անոր, բարձր ու պատասխանատու աշխատանքին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը   ընդգծած է, որ պատմականօրէն ձեւաւորուած հայ-թուրքմենական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ ձեւաւորուած միջպետական երկխօսութիւնը տարուէ տարի կ՛ամրապնդուի, որուն զգալիօրէն կը նպաստեն բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններն ու անոնց ծիրին մէջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները: Ս. Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Մուհամետնիազ Մաշալով իր պաշտօնավարման ընթացքին կարելին պիտի ընէ` առաւելագոյն չափով աշխուժացնելու եւ խորացնելու առեւտրական-տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ մարզերու մէջ Հայաստանի եւ Թուրքմենիստանի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Դեսպան Մաշալով շնորհակալութիւն յայտնած է  նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորանքին եւ բարեմաղթանքներուն համար եւ վստահեցուցած, որ իր աշխատանքը ուղղուած պիտի ըլլայ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ բարձր մակարդակով ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու, բազմաթիւ մարզերու մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերու իրագործման, որոնց նպատակն է աւելի ամրապնդել եւ զարգացնել երկկողմ կապերը բոլոր մարզերուն մէջ:

Նախորդը

Պռօշեանի Սպաննուած Գիւղապետին Հարազատներուն Պնդումով` Գործին Բացայայտումը Կը Ձգձգուի

Յաջորդը

«100 Տարիէ Ի Վեր Պայքարի Երթը Կը Շարունակուի». Լիբանանեան Հասարակութեան Ուշադրութիւնը Սեւեռուած` Դաշնակցական Երիտասարդութեան Ինքնաշարժներով Երթին Վրայ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.