
«Շրջանին մէջ նախատեսուող ժողովրդավարական յեղափոխութիւնները կ՛առաջադրեն, որ մեր կարգին բարելաւենք ժողովրդավարութեան նկատմամբ մեր մօտեցումն ու վարուելակերպը, որպէսզի օրինակ դառնանք շրջանին համար», յայտարարեց նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` երէկ իր այցելուներուն հետ ունեցած խորհրդակցութեանց աւարտին:
«Կազի եւ քարիւղի պրպտումի հետախուզական աշխատանքը սկսած է», շեշտեց նախագահ Սլէյման` զգուշացնելով որեւէ ձեռքէ, որ կ՛երկարի «մեր այս հարստութեան»:
«Ապագան Լիբանանին է», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը` դիտել տալով, որ պէտք է համագործակցիլ հայրենիքի մեր գործընկերներուն հետ:
Յայտնենք, որ երէկ նախագահ Սլէյման փոխադրուեցաւ Պէյթէտտինի ամառնային նախագահական պալատ, ուր պաշտօնական դիմաւորումի արարողութեան արժանացաւ:


