Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետրոս Շիրինօղլու Թուրքիայէն Հատուցում Պահանջելուն Համամիտ Չէ

April 1, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-31-15_Shirinoglu«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Սթար» թերթին մէջ, Էրտինչ Աքքոյունլուի ստորագրութեամբ հրատարակուած են «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարգ մը յայտարարութիւնները, ըստ որոնց` Շիրինօղլու ըսած է, թէ «մենք հատուցում չենք ուզեր, մենք հաշտութիւն կ՛ուզենք»:

«Սթար» թերթը այս լուրը կը հրատարակէ` իբրեւ պատասխան սփիւռքահայութեան դէմ, որ կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Շիրինօղլու դիտել տուած է, որ իր մեծ հայրն ալ այդ պատահարներուն ընթացքին մեռած էր. այդ շրջանի գրգռութիւններուն հետեւանքով, եղբայրը եղբօր դէմ հաներ են: «Ես հիմա կողմնակից չեմ, որ այս հարցը այսքա՛ն երկարի. հարցը պէտք է վերջանայ: Դէմ եմ երկու երկիրներն ալ այս հարցով վիրաւորելու: Նախագահ Էրտողան օրեր առաջ ըսաւ, որ բոլոր արխիւները բաց են: Այս լուսաբանութիւնը շատ կարեւոր էր: Ես ալ կը մտածեմ, որ այս հարցը պէտք է քննարկուի ու լուծումի յանգի: Թող պատմաբանները միջամուխ ըլլան: Եթէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի սահմանները բացուին, այն ատեն հատուցումներէ ալ աւելի շահաւէտ տնտեսական արդիւնք կը ստացուի: Հաշտութենէն աւելի մեծ շահ կա՞յ: Երկու երկիրներուն դռները պէտք է բացուին եւ պէտք է խաղաղութիւն հաստատուի», ըսած է ան:

Շիրինօղլու դիտել տուած է նաեւ, որ փոքրամասնութիւնները, հանրապետական շրջանին, ներկայ իշխանութեան օրօք է, որ շատ կարեւոր նկատուեցան: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վերադարձուց փոքրամասնութիւններուն կորզուած իրաւունքները», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ մեծ թիւով հայաստանցիներ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կ՛աշխատին` իբրեւ փախստական, եւ թէ ինք այս մասին խօսած է Էրտողանի հետ եւ Էրտողան պատասխանած է, որ «այս հարցն ալ կը լուծենք», իսկ ներկայիս, Գում գափուի մէջ անոնց զաւակներուն համար դպրոց կայ, եւ 200 հայրենակիցներու զաւակները հոն ուսում կը ստանան:

«Մարմարա» կը գրէ. «Որքան կը հասկնանք հրատարակուած լուրէն, Պետրոս Շիրինօղլու այս բոլորը յայտնած է իբրեւ իր անձնական կարծիքը, մինչդեռ թերթը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ Թուրքիոյ հայոց կարծիքը: Այս պատճառով ալ, համացանցի էջերուն վրայ Շիրինօղլուի այս խօսքերուն դէմ վերապահութեան խօսքեր արտասանուած են: Մեր վերեւի կարծիքը հաստատելու նպատակով, այս առաւօտ (մարտ 30) կապ հաստատեցինք Շիրինօղլուի հետ, որ նոյնը ըսաւ: Ան յայտնեց, որ ինք իր անձնական կարծիքն է, զոր կը յայտնէ այսպիսի տեսակցութիւններու ընթացքին»:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Կը Մասնակցի Քուէյթի Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Լիոնի Մէջ Պղծած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողը

RelatedPosts

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար  Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»
Հայկական

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»

November 11, 2026
Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի  Կազմակերպութենէն  Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»
Հայկական

Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.