Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵՆԷՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄ` ԱՐԱԳ ԱՆՑՈՒՄ

August 5, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իշխանութիւն – Հայ ազգային քոնկրես (ՀԱՔ) երէկուան հանդիպումը առ երեւոյթ ոչ միայն տեղքայլ, այլ նաեւ յետընթաց արձանագրեց: ՀԱՔ-ի ներկայացուցիչները արդէն վերսկսած են խօսիլ վերջնագիրով: Մինչեւ սեպտեմբեր, եթէ չորոշուին թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւնները, ապա երկխօսութիւնը կը վերածուի առճակատումի: Մինչ այդ,  երկխօսութեան հանդիպումները տեղի կ՛ունենան շաբաթը երկու անգամ:

Այս ընթացքին, իշխանութեան ներկայացուցիչները ճիգի մէջ են զուսպ ձեւով արձագանգելու ՀԱՔ-ի համեմատաբար յարձակողապաշտ այն յայտարարութիւններուն, թէ վերջին հանրահաւաքին ցուցարարներուն Երեւան հասնելու ճամբաները արգելափակուած են իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, թէ` պատկերասփիւռի եթերը մնացած է փակ ՀԱՔ-ի գործունէութիւնը լուսաբանելու առումով եւ թէ իշխանութեան քաղաքականութիւնը երկխօսութեան իմիթացիա (պատրանք) ստեղծելը եղած է:

Անցեալ հանդիպումին կը տիրէր «տօնական» մթնոլորտ: ՀԱՔ-ի ներկայացուցիչը նոյնիսկ կը փութար շնորհաւորելու ժողովուրդը` ձեռք բերուած արդիւնքին համար: Պայմանաւորուածութիւն գոյացած էր երկխօսութեան նիստերուն ընդգրկելու օրակարգի երկու կէտ` ընտրութիւնները կազմակերպել ազատ, արդար եւ  մրցակցութեան համահաւասար առիթներու տրամադրումով եւ քննարկել նախագահական ու խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու հարցը: Երկկողմանի լաւատեսական տրամադրութիւններու ցուցադրումը պահ մը կը ստեղծէր այն մթնոլորտը, որ ամէն ինչ համաձայնեցուած է, գործարքը կնքուած է եւ ուր որ է կը ճշդուի արտակարգ ընտրութիւններու թուականը:

Եթէ մէկ կողմէ իշխանութիւնները կը ստեղծէին երկխօսութեան իմիթացիա, միւս կողմէ ՀԱՔ-ը կը ստեղծէր համաձայնութեան իմիթացիա: Արդիւնքը կ՛ըլլար այն, որ իմիթացիայի գործողութիւններու շարք մը կը հրամցուէր հասարակութեան` երկխօսութեան անուան տակ: Իշխանութեան ներկայացուցիչը նրբանկատ ըսելաձեւով կ՛ընդգծէր այս եղելոյթը` յայտարարելու համար, որ ՀԱՔ-ի ներկայացուցիչ Լեւոն Զուրաբեանի ժամկէտային տրամաբանութիւնը մարտավարական բնոյթ ունի (չըսելու համար, որ պարզապէս խաղ է):

Երկխօսութեան այս խաղը սակայն, կ՛որոշուի շարունակուիլ: Կողմերը կը համաձայնին փաստօրէն, շաբաթը երկու անգամ «խաղալ» կամ իմիթացիոն գործողութիւնները շարունակել: Դժուար է նախատեսել, թէ իրօք որոշուած օրակարգի երկու կէտերու բովանդակային քննարկում տեղի կ՛ունենա՞յ յառաջիկային: Աւելի դժուարը` թէ ի՞նչ կ՛որոշուի մինչեւ սեպտեմբեր:

Յստակը այն է, որ քաղաքական դաշտին մէջ քաղաքակրթութեան ցուցանիշ նկատուող բաց եւ մնայուն երկխօսութիւնը այս պարագային ճիշդ հունով չ՛ընթանար: Պայմանական է, գործարքային է ըստ էութեան եւ իմիթացիայի ու մարտավարական խաղերու ծառայեցուող գործողութիւն է, ըստ ոչ միայն դիտարկողներուն, այլ նոյնինքն երկխօսութեան մասնակից կողմերու ներկայացուցիչներուն իսկ հաստատումով:

Մինչդեռ, մեր երկրին պէտք էր քաղաքական դաշտը բաղկացնող բոլոր ուժերուն միջեւ բազմակողմանի բովանդակային երկխօսութիւն, որ տուեալ պարագային կը յանգէր համաձայնութեան, այլ պարագայի` ոչ: Այսուհանդերձ կը մնար իբրեւ մնայուն ուղի քաղաքակիրթ երկիրներու որդեգրած համապատասխան եղանակներով եւ մեթոտներով:

Երեւոյթները այս ակնկալութեամբ հարցերը դիտարկելու նախադրեալներ չեն պարզեր մեր առջեւ: Կը թուի, թէ սեպտեմբերին սպասելու պէտք չունինք նման եզրայանգում կատարելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

ԸՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ. ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ԽԱԽՏԱԾ Է 1100 ԱՆԳԱՄ

Յաջորդը

ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԿՑՈՐԴԸ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։