
Հետզհետէ շեշտուած գարնանային նոր «ռաունտ»-ի մը հաւանականութեան գծով լուրերը օր ըստ օրէ հող կը գտնեն: Այս իմաստով նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց նման հաւանականութիւն Քալամունի եւ մերձակայ տարածքին, առանց յստակացնելու բախումներու սկզբնաւորութեան ճշգրիտ թուականը: Իրազեկ աղբիւրներ այդ մէկը կը նախատեսեն յառաջիկայ ապրիլին: Այս մթնոլորտին մէջ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները շարունակեցին իրենց խորհրդակցութիւնները քաղաքական, ապահովական, դիւանագիտական եւ առնչակից մարզերու մէջ: Արդարեւ, լիբանանցիները հանգստացնող քաջալերական յանդուգն գործողութեամբ բանակը երէկ ձերբակալեց առեւանգեալ ու ապա նահատակուած զինուորականներէն` տասնապետ Ալի Սայէտի եւ զինուոր Ապպաս Մտլեժի գլխատման ականատես ու դերակատար երկու զինեալներ` Օմար եւ Պիլալ Միքաթիները: Դարձեալ ապահովական քայլերուն զօրակցող են այն լուրերը, ըստ որոնց սէուտական ֆինանսաւորումով ֆրանսական զինուորական կազմածներու առաջին մասը լիբանանեան բանակին պիտի յանձնուի մօտերս, հաւանաբար` յառաջիկայ ապրիլին: Նոյն ծիրին մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին երէկ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, վերահաստատելով իր երկրի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու լիբանանեան բանակին զինուորական կազմածներ յատկացնելու գծով: Նմանապէս, իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, անցնող շաբաթավերջին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն գլուխ-գլխի հանդիպում ունեցած են: Իսկ «Լեպանոն ֆայլզ» կայքը հիմնաւորեալ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները նշեց, որ նախարարներ Ժպրան Պասիլ եւ Էլիաս Ապու Սաապ իսկապէ՛ս այցելած են Սէուտական Արաբիա եւ թէ խորհրդակցութիւնները ընդգրկած են նաեւ յայտարարուած նիւթերու կողքին հրատապ այլ հարցեր: Նոյն ծիրին մէջ, նախարար Ժպրան Պասիլ վերջերս Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի տուած իր այցելութենէն ետք, նախանցեալ երեկոյ այցելած է նաեւ Մաարապ, ուր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ ի միջի այլոց քննարկած է Աուն-Ժահժահ մօտալուտ հանդիպումին առնչուող հարցեր: Այս մէկը հաստատեց նաեւ Ժահժահ, որ «Զահլէ Ֆաթաթ» թերթին կատարած իր յայտարարութեամբ շեշտեց, թէ Ազգային ազատ հոսանքին հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի անկախ անոր արդիւնքներէն: Նմանապէս, Իրանի մշակոյթի նախարար Ալի Ճեննեթի երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ վարչապետ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` վերահաստատելով իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան: Իրանցի նախարարը նաեւ վերահաստատեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը լիբանանեան բանակին զինուորական կազմածներով օժանդակելու գծով: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, որոնք այս առիթով նոյնպէս վերահաստատեցին Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան:


