Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արարատի Ստորոտին» Ֆորումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Հռչակագիր Որդեգրած Է

March 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_arm-forum-big1-f«Արարատի ստորոտին» խորագիրը կրող միջազգային տեղեկատուական ֆորումի եզրափակիչ օրը քանի մը տասնեակ երկիրներու լրագրողներ միասնաբար որդեգրեցին հռչակագիր մը, որ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 20 մարտին Մատենադարանին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին հրապարակուած հռչակագիրին մէջ նշուած է.

«Մենք` լրագրողներս, «Արարատի ստորոտին» խորագիրով միջազգային տեղեկատուական ֆորումի մասնակիցներս, տարբեր երկիրներու, ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչներս, յարգանքի տուրք կը մատուցենք հայ ժողովուրդին եւ կը յարգենք 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք` դատապարտելու այդ իրադարձութիւնները, որոնց նպատակն էր հայ ազգի եւ անոր բազմադարեայ իւրայատուկ մշակոյթի ոչնչացումն ու հայ ազգը սեփական հայրենիքէն զրկելը: Իրադարձութիւններ, որոնց ընթացքին տեղի ունեցած են զանգուածային ջարդեր, կոտորածներ եւ ցեղային զտումներ»: Լրագրողները շեշտած են, որ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան 100-րդ տարելիցի շեմին չեն կրնար անտարբեր մնալ Թուրքիոյ կողմէ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կատարուած Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռացութեան մատնելու փորձերուն նկատմամբ:

11082673_933573713344112_869917568332372593_n«Մենք կը դատապարտենք 1915-ի Ցեղասպանութեան ժխտումը որպէս պատմական փաստերու կեղծում, որոնք կ՛աղաւաղեն այս ողբերգութեան պատճառները, գործընթացն ու հետեւանքները: Դիմելով պատմական փաստերուն` մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք այն լրագրողներուն, որոնք աշխարհին կը ծանօթացնեն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կատարուող սարսափելի ոճրագործութիւններուն մասին: Մենք կը գիտակցինք լրատուամիջոցներու դերին ու նշանակութեան եւ կը կարծենք, թէ անոնց հիմնական առաջադրանքը բոլոր ազգերու միջեւ երկխօսութիւնը պաշտպանելն է: Դիմելով աշխարհի բոլոր երկիրներու մեր գործընկերներուն` մենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին կոչ կ՛ուղղենք անոնց` գործադրելու բոլոր ջանքերը` զոհերու յիշատակը վառ պահելու, անցեալի յանցագործութիւններուն մասին լռելու փորձերը խոչընդոտելու, Հայոց ցեղասպանութեան, Ողջակիզումը, ցեղապաշտութեան եւ  մարդատեացութեան ենթահողին վրայ մարդկութեան դէմ կատարած այլ յանցագործութիւններու նշանակութիւնը նուազեցնելու դէմ պայքարելու համար, ինչպէս նաեւ կեդրոնացնել ջանքերը պատմական արդարութիւնը վերականգնելու եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանը հասնելու համար:

Կ՛ողջունենք Եւրախորհրդարանի, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի, Ուրուկուէյի, Ռուսիոյ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Լեհաստանի, Լիթվիայի, Սլովաքիոյ, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Լիբանանի, Քանատայի, Վենեզուելայի, Արժանթինի, Չիլիի եւ Վատիկանի կառավարութիւնները, որոնք ճանչցած եւ դատապարտած են 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը»:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

«ԼՂՀ Ճանաչումը Կ՛ապահովի Խաղաղութեան Գործընթացի Անշրջելիութիւնը». Կարէն Միրզոյեան

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.