Գարնանամուտին զուգահեռ երկար ատենէ ի վեր առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներու ազատ արձակման հաւանականութիւնները մօտիկ ապագային հետզհետէ կը շեշտուին: Այս իմաստով ուշագրաւ էր բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կեցուածքը, ուր ան արաբական եւ յատկապէս լիբանանեան տօնացոյցով` գարնանամուտին զուգադիպող մայրերու օրուան առիթով վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը` չսակարկելու մօր արցունքներուն վրայ: Ան խոստացաւ իր կարելին ընել ազատ արձակելու զինուորականները` շնորհաւորելով անոնց մայրերը, որոնք Լիբանանին նուիրեցին իրենց ամէնէն թանկագինը` զաւակները:
Նմանապէս, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին զինուորականներու ազատ արձակման գծով եւ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է այդ ուղղութեամբ: Իպրահիմ աւետեց, որ յաջողած է առեւանգեալ զինուորականներու ահաբեկիչներուն կողմէ գլխատման սպառնալիքը ընդմիշտ հեռացնել եւ հաղորդակցութիւնները ներկայիս կեդրոնացած են փոխանակման ցանկերու մանրամասնութեանց վրայ:
Նոյն ծիրին մէջ առեւանգեալներու ծնողներ եւս որոշ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցան մօտալուտ լուծման գծով, յատկապէս` Քաթարի միջնորդութեան վերակենդանացման լոյսին տակ:


