Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Միհրան Քիւրտօղլեանի Հետ

March 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_mihranԵրէկ` ուրբաթ, 20 մարտին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հրապարակագիր Միհրան Քիւրտօղլեանի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին, 100-ամեակին եւ զանոնք կանխող ու անոնց յաջորդող ժամանակաշրջաններու հարցերուն վերաբերող հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով 50-ամեակին եւ զայն կանխող ժամանակաշրջանին մասին` Քիւրտօղլեան ըսաւ, որ 50-ամեակը կանխող ժամանակաշրջանը ընդհանրապէս սուգի եւ ցաւի ժամանակաշրջան էր: 50-ամեակը հրաբխային ժայթք մը եղաւ հայութեան համար եւ փոխեց ամբողջ հայութեան հոգեվիճակը: Ան նշեց, որ մենք մեր վրայէն նետեցինք սուգի պատմուճանը եւ վերածուեցանք պահանջատէրի, ինչպէս նաեւ դուրս եկանք կեթոյի վիճակէն, ներազգային պառակտումը վերջ գտաւ եւ որոշ երիտասարդացում տեղի ունեցաւ: Քիւրտօղլեան նշանակալից նկատեց Երեւանի մէջ ցոյցը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին քաղաքական ցոյցն էր:

Ինչ կը վերաբերի յետ 50-ամեակի ժամանակաշրջանին, ան ըսաւ, որ անիկա ցնցումներով լեցուն ժամանակաշրջան մը եղաւ Միջին Արեւելքի հայութեան համար` արաբ-իսրայէլեան պատերազմներ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, Իրանի իսլամական յեղափոխութիւն, Իրան-Իրաք պատերազմ, ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ եւ սուրիական տագնապ` աւելցնելով, որ 50-ամեակէն 100-ամեակ երկարող ժամանակաշրջանը նաեւ եղաւ ժամանակաշրջան մը ձեռքբերումներու, որոնց դիմաց մարդ կրնայ միայն ապշիլ` նկատի ունենալով առարկայական պայմաններն ու դժուարութիւնները: Միւս կողմէ, հակառակ անոր, որ Երեւանի մէջ հայութիւնը հողեր պահանջեց, գործունէութիւնը սահմանափակուեցաւ ցեղասպանութեան ճանաչումով, ինչ որ, ըստ Քիւրտօղլեանի, Թուրքիոյ ուզած խաղն էր եւ անոր թակարդը:

Քիւրտօղլեան համոզում յայտնեց, որ 100-ամեակը պիտի չկարենայ ըլլալ այն դարձակէտը, որ եղաւ 50-ամեակը, որովհետեւ կեանքի պայմանները տարբեր են: Տարբերութիւնը այն է, որ այսօր Հայաստան անկախ է, եւ մենք եւս Թուրքիոյ նման ներկայ ենք դիւանագիտական միջանցքներուն մէջ: Թէեւ պետութիւնները սահմանափակումներ ունին, սակայն սփիւռքը կրնայ լեցնել այդ բացը եւ Հայաստանն ու սփիւռքը կրնան զիրար ամբողջացնող աշխատանք տանիլ:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին մասին` Քիւրտօղլեան ըսաւ, որ անիկա ներազգային իմաստ ունի, իրաւական հիմք չունի եւ կը ստեղծէ որոշ հարցական մը, որովհետեւ անիկա եւ իրաւական հիմք ունեցող արձանագրութիւնները զիրար կը հակասեն:

Ինչ կը վերաբերի 100-ամեակին յաջորդող ժամանակաշրջանի աշխատանքներուն, Քիւրտօղլեան ըսաւ, որ նախ եւ առաջ պէտք է յստակացնենք, թէ ի՛նչ է մեր պահանջածը, եւ այդ ալ` համահայկական մակարդակի վրայ, ինչ որ շատ դժուար է:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 9). Դպրեվանքը` Դարբնոց Մարդակերտումի Եւ Հայակերտումի

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Արեան Տուչութեան Արշաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.