
Նախքան Պէյթէտտինի ամառնային իր նստավայրը մեկնիլը, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ խորհրդակցեցաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակին շուրջ:
Պաապտայի պալատին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը կու գայ ազգային երկխօսութեան վերակենդանացման գծով հանրապետութեան նախագահին ձեռնարկած հանդիպումներուն ծիրին մէջ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննեց երկրին ապահովական ընդհանուր իրավիճակը:


