Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղիի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդ. Ալի Թաշը` հրաժեշտի այցելութեամբ: Թուրք գնդապետին կ՛ընկերանար զինուորական նոր կցորդ գնդ. Մուրատ Եէշիլքէօյ:
Այս առիթով զօր. Ռիֆի յիշատակի յուշանուէրով մը պարգեւատրեց թուրք զինուորականը: Փոխադարձաբար, գնդ. Թաշ եւ Եէշիլքէօյ յիշատակի յուշանուէրով պարգեւատրեցին զօր. Աշրաֆ Ռիֆին:


