Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կին Մտաւորականներ Եւ Միանձնուհիներ Ցեղասպանութեան Օրերուն

March 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ժողովուրդ մը մորթուեցաւ, ինչպէս` սպանդանոցի անլեզու շնչաւորները: Ոչ թէ հրոսախումբեր կամ առանձին անհատներ էին դահիճները, այլ` պետութիւն մը, որ կ՛որոշէ բնաջնջել ժողովուրդ մը:

1915 ապրիլի 24-ին տարագրուած եւ նահատակուած մտաւորականներուն մեծ մասին անունները արձանագրուած են եւ անոնց նահատակութեան քստմնելի արարքին շուրջ վկայութիւններ կան: Սակայն մենք բաւարար տեղեկութիւններ չունինք այն ժամանակ Պոլսոյ եւ Հայաստանի կին գործիչներուն եւ մտաւորականներուն մասին` գրող, դերասան, բժշկուհի, արուեստագիտուհի, ուսեալ, միանձնուհի:

Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ազնուական տոհմերու պատկանող կիներու մեկենասութեամբ, գրի առնուած բազմաթիւ ձեռագիրներ եւ անոնց բարերարութեամբ կառուցուած եկեղեցիներ եւ կանգնեցուած խաչքարեր  եղած են անոնց մտայղացման եւ հաւատքին արդիւնքը: Իսկ զարթօնքի շրջանէն սկսեալ հայուհիներ  մասնակցած են մեր գրականութեան զարգացման եւ կազմաւորման գործին, ինչպէս` Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշներ. նոյնպէս ալ հայ թատրոնն ու երաժշտութիւնը  եւ հայ արուեստի տարբեր բնագաւառներ հայուհիներու ձեռամբ արձանագրած են նուաճումներ: Սակայն հայուհին ստիպուած էր նաեւ իր արեան գնով պաշտպանել իր ընտանիքին սրբութիւնը եւ ազգին պատիւը:

– Եղեռնի օրերուն հրաշքով փրկուած կարգ մը մտաւորականներու կողքին, փրկուած է նաեւ  մտաւորական Զապէլ Եսայեան, որ յայտնուած էր երիտթուրքերու «սեւ ցուցակ»-ին մէջ:

Ան չկիսեց միւս հայ գրողներուն ճակատագիրը` իր  գործադրած հզօր ջանքերուն շնորհիւ:

Երբ թուրք ոստիկաններ շքամուտքին առջեւ հարցուցած են, թէ ի՞նքն է արդեօք Զապէլ Եսայեանը, ան պատասխանած է. «Ո՛չ, Զապէլը ներսն է»:

Եւ կրցած է ծպտուած դուրս գալ Թուրքիայէն: Թրքական եաթաղանէն մազապուրծ ազատած, Փարիզ ուսանած Եսայեան զոհը պիտի դառնար ստալինեան եղեռնին` ճաշակելով համայնավարութեան բանտի անլուր չարչարանքները, թաղուելով անծանօթ վայրի մը մէջ: Իր մահէն ետք իրմէ  մեզի կը հասնի 19 նամակ, գրուած Երեւանի, Լենինականի (Գիւմրի), Պաքուի բանտերէն, հասցէագրուած իր որդւոյն` Հրանդին, աղջկան` Սոֆիին եւ հարսին` Բերկրուհիին, փոստային բացիկներու եւ թուղթի պատառիկներու վրայ գրուած:

Հետագային մեծ լռութիւն մը կը տիրէ գրողին անուան շուրջ, մինչեւ այն պահը, երբ խորհրդային հասարակարգը կ՛արժեւորէ զայն:

Երբ իր զաւակներուն հետ 1933 թուականին Փարիզէն կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան, Եսայեան կ՛ընդունուի Համայնավար կուսակցութեան շարքերը, այդ պատճառով ալ թերեւս սփիւռքի մէջ կը զրկուի  իր հեղինակութենէն: Ան Հայաստանի մէջ աշխատանք տարած է հայ տարագիրներու եւ որբերու հաւաքման եւ տեղաւորման գործին: Երբ անոր հարցուցած են, թէ ինչպէ՛ս կը դիմանար Երեւանի պայմանններուն` «բարեկեցիկ Փարիզէն ետք», պատասխանած է. «Անյարմարութիւնները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին ինծի համար, քանի որ ես կը մասնակցիմ իմ երկրիս ապագայի կառուցման»…

– Զապէլ Ասատուր «Սիպիլ», ամուսնոյն` Հրանդ Ասատուրի հետ աղէտի տարիներուն թաքնուելով Պոլսոյ մէջ, նոյնպէս փրկուած է թուրքին դանակէն:

– Հրանուշ Մարք, որ կինն էր Երուանդ Թոլայեանի եւ կը խմբագրէր կնոջական թերթ մը, նոյն ատեն յօդուածներ կը գրէր պոլսահայ մամուլին մէջ, Եղեռնի տարիներուն`կը գտնուի փրկուածներու շարքին:

– Մարի Պէյլէրեան, որ Գահիրէի մէջ կը հրատարակէր «Արտեմիս» անունով կնոջական պարբերաթերթ մը, Մեծ եղեռնի նախօրեակին գործով Պոլիս կը գտնուէր, կը հանդիպի թուրք ոճրային ծրագրին եւ կը նահատակուի մնացեալ մտաւորականներուն նման:

– Ռեբեքա Սանդուրեան, խարբերդցի, Պոլսոյ մամուլին մէջ աշխատակցած, ապա 1915-ին նահատակուած է:

Մնացեալ մտաւորական կին նահատակներուն` ուսուցչուհիներու, արուեստագիտուհիներու մասին տեղեկութիւններ չեն հասած մեզի: Անոնք  մոռցուած են, կամ ալ մասնակի կերպով յիշատակուած` անձնական յուշերու մէջ:

Ունեցած ենք միանձնուհիներ, կոյսեր, սարկաւագուհիներ, բազմաթիւ նահատակներ, որոնք մեր եկողեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնը հարստացուցած են իրենց սրբակենցաղ կեանքով, ծառայութեամբ, ուսմամբ եւ, վերջապէս, իրենց արեան վկայութեամբ: Բազմաթիւ նահատակ միանձնուհիներու անուններ մնացած են մեզի անյայտ, նաեւ` Հայ կաթողիկէ միաբանութեան մայրապետներէն խումբ մը նահատակ քոյրեր, որոնք հերոսաբար դիմադրած են թուրք վայրագ խուժանին, մերժած են կրօնափոխ ըլլալ` հաւատարիմ մնալով այն աւանդներուն, որոնք մեր պապերէն մեզի փոխանցուած են:

Քոյրերու միաբանութեան կեդրոնատեղին թէեւ Պոլիս էր, սակայն Թուրքիոյ 17 գաւառներու մէջ միաբանութիւնը հաստատած էր իր դպրոցները:

«Նահատակ մայրապետներ»

– Քոյր Քամիլլա Փիլիպոսեան եւ քոյր Երանուհի Մօրուքեա, եւդոկիացի, առաջին կուսակրօն նահատակները եղած են Եւդոկիոյ եւ Սեբաստիոյ մէջ:

– Քոյր Քանտիտա Գույումճեան, եւդոկիացի (1887-1916):

– Քոյր Իսկուհի Ղարիպեան, բրքնիկցի.  Զարգացած քոյր մը եղած է, որ ունեցած է բարձր ուսումնական մակարդակ:

1915-ի տեղահանութեան, տեսնելով աննկարագրելի նախատինքը, որուն ենթարկուած էին ուղեկից մանկամարդ հայուհիներ գրեթէ մերկ ու անպատսպար, իջած էր չոր գուբի մը մէջ` որպէս թաքստոց, ուր վախճանած էր:

– Քոյր Ռամելա Խաչատուրեան

Ծնած` Խարբերդ (1884-1815), Պելճիքա ուսանած, մասնագէտ:

– Քոյր Շուշան

Ծնած` Մալաթիա, 1870-ին: Ան նախընտրած էր ուղեկցիլ տեղահան եղած իր ազգականներուն , նահատակուած էր` առանց որեւէ հետք ձգելու իր նահատակութեան տեղին ու պարագաներուն մասին:

– Քոյր Վասիլուհի Թոփալեան, գաղատիացի,  պատասխանատուն էր Խարբերդի քոյրերուն, 1906-ի օգոստոս 26-էն ի վեր:

– Քոյր Մաքրուհի Բարձիկեան, պարտիզակցի.  (1866-1915)

– Քոյր Համասփիւռ Գալփաքճեան, մարզուանցի  (1885-1915)

– Քոյր Աննա Մեղմունի, մարզուանցի (1891-1915) , Խարբերդի չորս քոյրերէն մէկն էր, կը կարծուի, թէ ոստիկանի մը ձեռքով առեւանգուած, Մալաթիոյ կողմերը սպաննուած եւ հետքը  կորսուած էր:

Տիգրանակերտի առաքելութեան կեդրոնը առաքելավայրերու վերջիններէն եղած եւ Չելեպեան Անդրէաս եպիսկոպոսի աջակցութեամբ բացուած էր: Հետեւաբար 1914-ին հոն կը մնային չորս քոյրեր, որոնք մեկնելով Կ. Պոլիսէն` 1910 օգոստոսի 19-ին բացած ու կազմակերպած էին աղջկանց վարժարանը:

Այդ Քոյրերն էին.

– Քոյր Էմիլիա Պապեան, կարնեցի (1862-1915)

– Քոյր Քլեմանթին Քէօյլեան, մարզուանցի (1879-1915)

– Քոյր Մագդաղինէ Իփեկեան, պոլսեցի (1886-1915)

– Քոյր Ժերմեն Ափրիկեան, տիգրանակերտցի   (1886-1915)

Ասոնք բոլորն ալ նահատակուած են:

Մայրապետներուն ընդհանուր թիւը եղած է 55, որոնցմէ նահատակուած կամ կորսուած են 44-ը:

17 քոյրերու նահատակութիւնը փաստացի կերպով արձանագրուած է. կը կարծուի, թէ 27 քոյրեր նահատակուած են գաղթի ճամբուն վրայ, խուլ անկիւններու մէջ:

Մեր բոլոր յայտնի եւ անյայտ, մտաւորական, ուսեալ թէ միանձնուհի, նահատակ կամ բախտով եաթաղանէն ճողոպրած հայուհիները լաւագոյն օրինակը տուին մեզի բարոյական եւ ազգային դաստիարակութեան: Եթէ ուզէին, հաւատքի ուրացումով կրնային իրենց կեանքերը շարունակել, բայց անոնք չուրացան իրենց հաւատքը, ստիպուած` հեռացան իրենց բնակավայրէն կամ ալ նահատակուեցան:

Ճիշդ է որ փոթորիկները արմատախիլ կ՛ընեն եւ կ՛ոչնչացնեն ծաղիկները, բայց բնաւ չեն կրնար սպաննել անոնց հունտերը:

 

 

 

 

Նախորդը

Մամուլի Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Երիտասարդութիւնը Պատմութեան Շպարը Չէ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.