Կազմակերպութեամբ Հուփս ակումբին, նախորդ շաբաթավերջին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ սկսաւ Անն-Մարի Ապտել Քարիմի անուան պասքեթպոլի 4-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ աւելի քան 300 մարզիկներու:
Տեղի կ՛ունենան երեք դասակարգի մրցումներ. 1997-1998-ի, 1999-2000 եւ 2001-2002-ի ծնունդ դասակարգեր:
Իսկ մասնակցող ակումբներն են` Ռիատի Պէյրութ, Շանվիլ, Մութթահետ, Էներճի, Շիահ, Սփաքեթ, Ուխուուա Հատաս, ՀՄԸՄ, Անդրանիկ եւ Հուփս:
Կազմակերպիչ ակումբին` Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, մրցաշարքին բացման օրը անդրադառնալով Անն-Մարի Ապտել Քարիմի ըսաւ, որ ան չորս տարի առաջ զոհ գնաց դժբախտ պատահարի մը, երբ Էշրեֆիէի մէջ շէնքի մը փլուզումը պատճառ դարձաւ անոր մահուան:
Ան յայտնեց, որ Ապտել Քարիմի յիշատակը ոգեկոչելու համար, ամէն տարի կը կազմակերպուի այս մրցաշարքը` նկատի ունենալով, որ ան տիպար մարզիկ մըն էր:
Ապա տեղի ունեցան շարք մը մրցումներ` վերոնշեալ երեք դասակարգերուն մէջ:
Նշենք, որ մրցումները պիտի շարունակուին իւրաքանչիւր շաբաթավերջին, նոյն վայրին մէջ:


