
Նախորդ շաբաթավերջին, երեք օրերու վրայ, Արզի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ դահուկարշաւի 24-րդ միջազգային շաբաթը` մասնակցութեամբ 16 երկիրներու մարզիկներու, ինչ որ լիբանանեան առումով կը նկատուի մրցանիշ մը:
Մրցաշարքին վերջին օրը լիբանանցի Լէա Քէյրուզ տիրացաւ այլ ոսկի մետալի մը: Ան առաջին օրը Լիբանանի համար ապահոված էր մրցաշարքի առաջին ոսկի մետալը:
Այդ երկու ոսկի մետալներէն բացի, Լիբանան տիրացաւ այլ մետալներու ալ` շնորհիւ Լեթիսիա Խուրիի (արծաթ) եւ Նատիա Սմահայի (պրոնզ):
Իր կարգին, Թարա Նասսար տիրացաւ արծաթ մետալի, երբ աղջկանց 1997-1998-ի դասակարգի մրցումներուն հանդիսացաւ երկրորդ:
Պէտք է ըսել, որ այս մրցաշարքին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին բաւական սուր պայքար մղուեցաւ բոլոր մարզիկներուն միջեւ` նկատի ունենալով, որ բոլոր օտար երկիրները զօրաւոր կազմեր ուղարկած էին Լիբանան:
Նշենք, որ մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, ֆետերասիոնի անդամներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր անձնաւորութիւններ եւ զօրավարներ:
Այդ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին լիբանանցի Ժորժ Սալամէ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու իր 15 տարուան դահուկարշաւի ասպարէզին, որուն ընթացքին ան տիրացաւ բազմաթիւ առաջնութիւններու, տիտղոսներու եւ մետալներու:
Ֆետերասիոնին նախագահն ու այլ պատասխանատուներ յատուկ յուշանուէրներով պատուեցին Ժորժ Սալամէն` առ ի երախտագիտութիւն անոր, Լիբանանի անունը միշտ բարձր պահած ըլլալուն համար: