Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները կը սկսին այսօր` երեքշաբթի, 17 մարտին, երբ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) Մութթահետ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Այս ամսուան սկիզբը երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած երթի մրցումը (Ա. խմբակ) աւարտեցաւ Պիպլոսի յաղթանակով, որ երկու կէտի տարբերութեամբ` 86-84 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Նոյն այս խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ իր մրցումը կը կատարէ վաղը` չորեքշաբթի, 18 մարտին, երբ կը մրցի Ռիատիի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: