
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ լիբանանցի Էլիաս Նասիֆ Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, 90 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ առաջին` յաղթելէ ետք իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ (ընդամէնը` 5 ճակատում):
Անոր այս իրագործումը ոչ միայն նկատուեցաւ կարեւոր, այլեւ ան իր կէտերուն վրայ աւելցուց նաեւ այլ կէտեր, որոնք բնականաբար անոր մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանան Ռիօ տը Ժանէյրոյի (Պրազիլ) մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովելու գծով:


