Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Սեն Ժոզեֆ համալսարանը հանդիսացաւ Լիբանանեան միջհամալսարանական հենտպոլի ախոյեանութեան բաժակակիր, երբ աւարտական մրցումին 35-28 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի ամերիկեան համալսարանը:
Սեն Ժոզեֆ այս ախոյեանութիւնը աւարտեց առանց պարտութիւն կրելու:
Նշենք, որ Սեն Ժոզեֆի մարզիչն է Ժորժ Ֆարահ, իսկ անոր օգնականը` Անթուան Պուլոս:
Սեն Ժոզեֆ, որ այս տարեսկիզբին Հռոմի միջազգային մրցաշարքին (համալսարաններու) հանդիսացաւ երրորդ, այժմ կը պատրաստուի յառաջիկայ ամիս Պելկրատի մէջ տեղի ունենալիք հենտպոլի միջազգային մրցաշարքի մը: