Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը

March 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-15-15_bakuԱզրպէյճանական Kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած է ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդի հանրահաւաքը` նուիրուած փտած իշխանութեան ու երկրի շարքային քաղաքացիներուն ծանր տնտեսական վիճակին: Հանրահաւաքին մասնակցած է 4-5 հազար մարդ:

«Իշխանութիւններու յանցաւոր քաղաքականութիւնն ու անմիտ քայլերը յանգեցուցած են անոր, որ ունենալով 19 միլիառ մանաթի պիւտճէ` անոնք որոշած են 8 միլիառ մանաթ պիւտճէով Ողիմպիական խաղեր կազմակերպել: Որո՞ւն պէտք է ատիկա: Այդպիսի հսկայական միջոցներ կարելի էր ուղղել ընկերային-տնտեսական լուրջ խնդիրներու լուծման, նուազագոյն կենսաթոշակն ու աշխատավարձը բարձրացնելուն, որ կը կազմէ ընդամէնը 150 մանաթ», ըսած է ընդդիմադիր գործիչ Ալի Քերիմլի:

Ան նշած է, որ իշխանութիւններու անատակութեան հաստատումը դարձած են նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրապարակային խոստումները, թէ մանաթի փոխարժէքը պիտի չփոխուի:

«Այդպիսի քաղաքականութիւն կը խօսի այն մասին, որ իշխանութիւններուն չեն հետաքրքրեր սովորական քաղաքացիներու շահերն ու խնդիրները: Աւելի՛ն, իշխանութիւնները կը փորձեն տապալած քաղաքականութեան ընկերային-տնտեսական հետեւանքները քաղաքացիներուն ուսերուն դնել», ըսած է Քերիմլի:

Ան նաեւ քննադատած է կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` հոգալու Եւրոպական ամառնային խաղերու բոլոր մասնակիցներուն, նաեւ` հայկական պատուիրակութեան ծախսերը:

Բողոքի ցոյցի աւարտին որդեգրուած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ իշխանութիւնները խաբած են քաղաքացիները` կտրուկ կերպով փոխելով մանաթի գինը, հակառակ անոր որ կը խոստանային, թէ այդպիսի բան տեղի պիտի չունենայ: Այդ պատճառով իշխանութիւնները պէտք է հատուցեն բնակչութեան վնասները` բարձրացնեն աշխատավարձերն ու թոշակները, նուազեցնեն վարկերու տոկոսները, վերջ տան փտածութեան ու մենաշնորհներուն:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Զարիֆ. «Եթէ Արեւմուտքը Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեամբ Ստանձնած Իր Յանձնառութիւնը Չյարգէ` Համաձայնութիւնը Չեղեալ Պիտի Նկատուի»

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.