Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՐԵՔ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ` ՊԱՐՈՅՐ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

August 4, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարոյր Հայրիկեան

Ազգային ինքնորոշում միաւորումի նախագահ Պարոյր Հայրիկեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ անկախութեան հանրաքուէի 20-ամեակը նշել եւ արժանին չմատուցել այդ գաղափարին նախաձեռնողներուն, նոյնն է, ինչպէս նուագել Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնը Խաչատրեանի ներկայութեամբ եւ խօսիլ ոչ թէ անոր, այլ ջութակահարներուն մասին: Ան նշեց, որ երեք նամակներ ուղարկած է հանրապետութեան նախագահին Սերժ Սարգսեանին` առաջարկելով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է նշուին յոբելենական ձեռնարկները:

Առաջին նամակով` անկախութեան քսանամեակին ընդառաջ Պարոյր Հայրիկեան նախագահէն խնդրած է Հայաստան հրաւիրել այլ ազգերու այն ներկայացուցիչները, որոնք մասնակցութիւն ունեցած են Հայաստանի անկախութեան հանրաքուէին համար պայքարին մէջ: Ըստ անոր, այդպիսիները քիչ չեն: Անոնցմէ շատեր տակաւին խորհրդային իշխանութեան տարիներուն անդամակցած են Ազգային միացեալ կուսակցութեան:

Երկրորդ նամակով` Հայրիկեան կոչ ուղղած է նախագահին յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այն մարդոց, որոնք էական դերակատարում ունեցած են հանրաքուէի ճամբով անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարի որդեգրման մէջ:

Հայրիկեան նշեց, որ անկախութեան պայքարին առաջամարտիկը տակաւին 1970-ականներուն Ազգային միացեալ կուսակցութիւնը եղած է:

Ի դէպ, 10-11 օգոստոս 1973-ին Ազգային միացեալ կուսակցութեան խորհուրդի անդամները արտակարգ նիստի հրաւիրած են եւ այդ նիստին ընթացքին քննարկած  եւ որդեգրած են Անկախութեան հանրաքուէի ճամբով ազգային ծրագիրը:

Հայրիկեան կ՛առաջարկէ անկախութեան հանրաքուէի 20-ամեակին առիթով խորհրդանշական քայլարշաւ կազմակերպել Գեղարդ-Սուրբ Ստեփանոս-Գառնի երթուղիով: Հայրիկեան չխօսեցաւ այս նամակներու արձագանգին մասին, սակայն նշեց, որ Ազգային ինքնորոշումի միաւորումի խորհուրդը այդ քայլարշաւին պիտի մասնակցի, աւելի՛ն` անոր ընթացքին բաց համաժողով պիտի հրաւիրէ եւ պիտի քննարկէ իրենց առաջարկած ծրագիրը:

Ըստ անոր, արդէն վեց կուսակցութիւններ հաւանութիւն տուած են այդ ծրագիրին եւ անիկա ներկայացուած է նախագահին ու իշխանութիւններուն: Ան յայտնեց, որ առարկութիւններ չեն եղած, առարկած են միայն անոնք, որոնք յետին նկատառումներ ունեցած են:

Ծրագիրը կը վերաբերի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Հայրիկեան արտակարգ ընտրութեանց կարելիութիւնը ոչ միայն փոքր կը նկատէ, այլ նաեւ սահմանադրութեան հետ հակասութեան մէջ կը տեսնէ: Ազգային ինքնորոշում միաւորումի առաջարկած ծրագիրը, ըստ անոր, քաղաքական ուժերուն միջեւ պէտք է փորձէ ընտրութիւններէն առաջ համագործակցութիւն ձեւաւորել:

 

Նախորդը

«ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՂԱՊԱՇՏ ԴԱՐՁԱԾ Է» ԿԸ ԳՐԷ «ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ»

Յաջորդը

ԿԻԼԻԿԻԱ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՆՈՅԵԱՆ ՏԱՊԱՆԷՆ ԿՏՈՐ ՄԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.