Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիքանա» Առեւտուրի Կեդրոնը Կ՛արգիլէ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շապիկներու Վաճառքը

March 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

3-16-15_TshirtsԱնցեալ ամիս երեք հայ երիտասարդ գործարարներ Կլենտէյլի մէջ գտնուող «Ամերիքանա»  առեւտրական, ճաշարանային եւ թատերական մեծ համալիրին մէջ սեղան վարձած էին` իրենց shop1915.com կայքին մէջ ծանուցուող շապիկները, գլխարկները եւ հագուելիքի վերաբերող այլ իրեր վաճառելու համար:

Թինա Չուլճեան, Ալեքս Գոտակոլեան եւ Արմին Հարիրին (յայտնի որպէս ռեփըր «Ար-Մին») «Ամերիքանա»-ի պայմանանագրային աշխատակիցներու կողմէն հաստատում ստանալէն ետք, սկսան իրենց ապրանքներու վաճառքին:

Այդ երեք հայերու առեւտուրի բացման օրը` 12 փետրուարին, «Ամերիքանա»-ի ղեկավարութիւնը անսպասելիօրէն յայտնեց անոնց, որ վաճառասեղանէն հեռացնեն բողոքի բոլոր պատկերները: Հակառակ անոր որ  վաճառասեղանին վրայ բողոքի որեւէ պատկեր չկար, բացի վաճառուող շապիկներ կրող մարդոց պաստառներէն, Չուլճեանը տեղեկացուց «Քալիֆորնիա Քուրիըրին», որ ինք անմիջապէս հանած է այդ պաստառները` խուսափելով «Ամերիքանա»-ի հետ որեւէ վէճէ:

Փետրուար 25-ին «Ամերիքանա»-ն վերջնագիր ներկայացուց Թինային եւ անոր երկու գործընկերներուն, որ 24 ժամուան ընթացքին անոնք պէտք է փոխեն վաճառքի հանուած իրենց ապրանքատեսականին` պնդելով, որ բողոքներ եղած են «Ցեղասպանութեան» հագուստ վաճառելու մասին: Հակառակ պարագային, իրենք ընդամէնը երեք օր ունին տարածքը դատարկելու համար:

Մտահոգուելով, որ իրենք վտարման եզրին են, գործարարները համաձայնեցան չցուցադրել հայկական շապիկները եւ անոնք վաճառել միայն յաճախորդներու պահանջի պարագային: Նոյն օրը կէսօրէն ետք «Ամերիքանա»-ի պաշտօնեայ մը վերահաստատեց, որ «Ցեղասպանութեան» թեմայով հագուստի բոլոր տարրերը պէտք է ամբողջութեամբ հեռացնել վաճառասեղանին վրայէն:

Ասիկա բացայայտ միջամտութիւն էր երեք հայերու առեւտուրին: «Ամերիքանա»-ն իրաւունք չունէր արգիլելու «Ցեղասպանութեան» շապիկները` խախտելով սեփականատէրերու խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Բացի ատկէ, անցեալ շաբաթ այցելելով առեւտուրի կեդրոն` ես տեսայ, որ շապիկներու վրայ ցեղասպանութիւն բառը չկար, այլ` միայն հետեւեալ մակագրութիւնը. «Մենք ԴԵՌ ԱՅՍՏԵՂ ԵՆՔ – 2015»: Վաճառքի համար ցուցադրուած այլ շապիկներու վրայ կար P տառը` Pentagon Records-ի համար, որ հայ գործարարներու ընկերութեան անունն է:

Համոզուած չենք, որ իսկապէս ոեւէ մէկը հայկական շապիկներուն մասին բողոքած է «Ամերիքանա»-ի ղեկավարութեան: Ոչ ոք երբեւէ քննադատական խօսք ըսած է առեւտուրի սեփականատէրերուն: Աւելի՛ն. եթէ նոյնիսկ ոեւէ մէկը բողոքէր, արդեօք անկէ ետք «Ամերիքանա»-ի մէջ հայկական հագուստ պիտի վաճառուէ՞ր` ցեղասպանութիւն բառով կամ առանց անոր: Ասիկա վտանգաւոր է…  Եթէ ոեւէ մէկը բողոքէ «Ամերիքանա»-ի Barnes & Noble գրախանութի մէջ Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան մասին գիրքերու վաճառքին համար, ապա արդեօք առեւտուրի կեդրոնի ղեկավարութիւնը պիտի արգիլէ՞ նման գիրքերու վաճառքը: Իսկ ի՞նչ ըսել այդ նոյն առեւտուրի կեդրոնին մէջ գտնուող պատկերասփիւռի սրահին մասին, ուր   ցուցադրուող ժապաւէն կրնան վիրաւորել որոշ յաճախորդներ:

Գիտակցելով, որ «Ամերիքանա»-ն խախտած է իր քաղաքացիական իրաւունքները, Թինան խորհրդակցեցաւ փաստաբանի հետ` պարզելու, թէ ի՛նչ իրաւական քայլերու կրնայ ձեռնարկել իր առեւտուրին շահերը պաշտպանելու համար: Ան տեղեկացուց իրաւաբանին, որ «Ամերիքանա»-ի հետ կնքած պայմանագիրը չէ արգիլած ցեղասպանութեան թեմաներով հագուստի վաճառքը: Պայմանագիրը պարզապէս արգիլած է պոռնկագրական նիւթերու, թմրանիւթերու եւ օգտագործուած ապրանքներու վաճառքը:  Փաստաբանը Թինային յայտնեց, որ թէեւ «Ամերիքանա»-ի որոշումները բացայայտ ապօրինի են, սակայն ան այլընտրանք չունի, քան` ենթարկուելու անոնց, քանի որ ստիպուած պիտի ըլլայ դուրս ելլելու հզօր իրաւական խումբ ունեցող խոշոր ընկերակցութեան դէմ:

Թինան, թէեւ հիասթափած էր, որ անկարող գտնուեցաւ պաշտպանելու իր օրինական շահերը, սակայն որոշեց հետեւիլ փաստաբանին խորհուրդին եւ դժկամութեամբ ենթարկուեցաւ  «Ամերիքանա»-ի ապօրինի ու դաժան հրամաններուն` իր առեւտուրը չկորսնցնելու համար: «Այնպիսի տպաւորութիւն ունէի, որ կարծես թէ վերադարձած եմ «չոր օրէնքի» տարիները եւ արգիլուած ապրանք կը վաճառեմ», ըսաւ Թինան «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին:

Անցեալ շաբաթ Թինան դարձեալ նախազգուշացումներ ստացաւ «Ամերիքանա»-էն` չցուցադրել ցեղասպանութեան առնչուող որեւէ հագուստ, նոյնիսկ երբ ան վերցուցած էր բոլոր հայկական շապիկները, բացառութեամբ մէկը, որուն վրայ գրուած էր. «ՄԵՆՔ ԴԵՌ ԱՅՍՏԵՂ ԵՆՔ – 2015»:

Այս վիճաբանութիւնը երեք հայ երիտասարդներուն անձնական շահերէն  շատ աւելի հեռուն կ’երթայ: «Ամերիքանա»-ի որոշումները կ’ազդեն բոլոր վարձակալներու եւ ամբողջ հայ համայնքի քաղաքացիական շահերուն վրայ, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին: Կլենտէյլի հայերը եւ քաղաքային իշխանութիւնները, որոնք «Ամերիքանա»-ին շնորհած են հարկային շռայլ արտօնութիւններ, պէտք է անյապաղ միջամտեն սոյն հարցին` պաշտպանելով այս փոքր առեւտուրի երեք սեփականատէրերը:

«Ամերիքանա»-ն կը պատկանի Ռիք Քարուզոյին, որ բարեկամական յարաբերութիւններու մէջ է Կլենտէյլի հայկական մեծ համայնքին հետ: Յոյսով ենք, որ Քարուզոն անհրաժեշտ ուղղիչ քայլերու կը ձեռնարկէ, երբ իմանայ իր աշխատակազմին անպատշաճ եւ ապօրինի որոշումներուն մասին:

«Ամերիքանա»-ի գրասենեակէն ոեւէ մէկը չարձագանգեց իմ հեռաձայնիս, որով կ’ուզէի բացատրութիւն պահանջել հայկական հագուստի վաճառքը արգիլելու համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Հայկական Նեմեսիս. Թեհլիրեան` «Մարդ Եմ Սպաննել, Բայց Մարդասպան Չեմ»

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում. «Այս Սուրբերուն Վարքը Պէտք Է Մեր Կեանքին Ուղեցոյցը Դառնայ» Ըսաւ Շահէ Եպս. Փանոսեան

RelatedPosts

Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.