Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հետաքրքրական Եւ Շահագրգռող Եկեղեցի

March 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.

3-16-15_armenian-church-in-iranԿը խօսուի, որ հայ եկեղեցին դադրած է հետաքրքրական ըլլալէ ու շահագրգռելէ: Այս հաստատումը սովորութիւն է կապել նոր սերունդին, թէ` ան հետաքրքրական չի գտներ եկեղեցին, եւ ոչինչ, կամ գրեթէ ոչինչ կը գտնէ անոր մէջ`  զինք շահագրգռող: Անկասկած, արդար չէ հաստատումին բացարձակ առնչումը նոր սերունդին, որովհետեւ զայն կատարողները իրենք ալ գրեթէ բացակայ են եկեղեցիէն. մկրտութիւններուն, պսակներուն եւ մանաւանդ թաղումներուն եկեղեցի գալը` եկեղեցի գալ չէ, այսինքն` ժողովուիլ մը խորհուրդին շուրջ, որ Ս. հաղորդութիւնն է: Տեսանելի է, որ արեւմտեան կողմն աշխարհի դժուարացած է ու հետզհետէ աւելի պիտի դժուարանայ եկեղեցի ըլլալը:

Արդ, ի՞նչ է հետաքրքրականը եւ ի՞նչ` շահագրգռողը:

Հետաքրքրականը ուշադրութիւն հրաւիրողը կամ գրաւողն է, իրմով զգալ, մտածել եւ երեւակայել տուողն է: Իսկ շահագրգռողը` շահ (օգուտ) թելադրողը եւ իբրեւ այդպիսին` իրեն ձգողը:

Ուրեմն, հետաքրքրական եկեղեցւոյ մը ակնկալութիւնը` ուշադրութիւն հրաւիրող կամ գրաւող, իրմով զգալ, մտածել եւ երեւակայել տուող (այս վերջին տարրին կապակցաբար կը նախընտրեմ ըսել` տեսիլքներու առաջնորդող) եկեղեցւոյ մը ակնկալութիւնն է: Իսկ շահագրգռող եկեղեցւոյ մը ակնկալութիւնը` շահ (հասկնալ` հոգեւոր օգուտ) թելադրող եւ իրեն ձգող եկեղեցւոյ մը:

Գիտենք, որ հետաքրքրութիւնը եւ շահագրգռութիւնը պայմանաւորուած են հոգեբանութեամբ (թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ ընկերային), կրթութեամբ, այլազան արժէքներուն ուղղուածութեամբ: Այսինքն մարդիկ հետաքրքրական եւ շահագրգռող կը գտնեն կամ կը տեսնեն, բան մը, կառոյց մը` ըստ իրենց անհատական կամ ընկերային հոգեբանութեան, ըստ կրթութեան, ըստ այլազան արժէքներուն, որոնց մէջ կ՛ապրին:

Այսօրուան հոգեբանութեան, կրթութեան եւ այլազան արժէքներուն վիճա՞կը: Գիտես:

Ժամանակակից աշխարհին մէջ, մանաւանդ` Արեւմուտքին,  որ վայրն է հայութեան մեծագոյն հատուածին սփռման,  անհատականացումի գործընթացը մարդ էակը հասցուցած է հոն, ուր անհատը դադրած է ինքզինքին հետ ըլլալէ, խախտած է ընտանիքը, խախտած կամ խախտելու վրայ են կառոյցները, մթնոլորտը ապակրօնական եւ ապամշակութային է, եւ շուկան, սաստկացող ընթացքով մը,  կը տիրապետէ առաւելագոյն ժամերուն:

Քանի որ այս է վիճակը, եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնայ հետաքրքրական եւ շահագրգռող ըլլալ: Անկասկած` ինքզինք ըլլալով:

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ` ինքզինք ըլլալ:

Կը մտաբերեմ Ատլանտեան սոմոնին օրինակը: Անոր պէս սեփական ծննդավայրը վերադառնալը կենսական է` ե՛ւ սեփական հոգիին համար ե՛ւ սեփական սերունդի ապագային:

Կրօնական առումով, ինքզինք ըլլալը` մշտանորոգ դարձն է դէպի Լոյսը:

Ինչպէ՞ս կարելի է անիկա Հայ եկեղեցւոյ պարագային:

20-րդ դարու հայ եկեղեցականութեան ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկը` Զարեհ արք. Ազնաւորեան այդ մասին հինգ մատնանշումներ կատարած է. ահա զանոնք ամփոփ կը սեւեռեմ.

1.- Վերանորոգում հոգեւորականութեան: Պատրաստ, պաշար ունեցող, լայնախոհ, եւ հաւատքն ու կեանքը ներդաշնակ. «առանց այսպիսի հոգեւորականութեան մը` Հայ եկեղեցին չի կրնար ունենալ նոր ժամանակներուն ճիշդ սերմնացանը, եւ իր անդաստանները դատապարտուած կ՛ըլլան անպտուղ մնալու»:

2.- Վերանորոգում ծէսին: Կ՛ապրինք արագընթաց եւ հեւքոտ կեանքի մը մէջ, ուստի աստուածաբանական խորհրդածութիւններով յագեցած լայնաշունչ աղօթքները, շարականներն ու երգերը, ընթերցումները, մեղեդիներն ու տաղերը դժուար կը հաշտուին անոր հետ: Կայ դեռ լեզուի հարցը. գրաբարը «արդէն գրեթէ անանցանելի պատուար մըն է»: Հայ եկեղեցւոյ ծէսին վերանորոգութիւնը ո՛չ թէ միայն ստիպողութիւն մըն է, այլեւ շատ է ուշացած (վստահ եմ, որ հոգելոյս սրբազանը տխուր կը նայի երկինքէն, երբ Հայ եկեղեցին հինգ տարիներ կը դնէ մկրտութեան կարգը խմբագրելու համար…):

3.- Վերանորոգում մտածողութեան: Սրբազանին մատնանշումը կը վերաբերի ո՛չ թէ անհատական մտածողութիւններուն, այլ` եկեղեցւոյ հաւաքական մտածողութեան: Հաւատքի նորովի բանաձեւում, սեփական աստուածաբանութեան, բարոյագիտութեան եւ արժէքներուն սահմանում, հարցերու եւ տագնապներու դիմաց` ճշդում կեցուածքներու եւ առաջնորդութիւն:

4.- Պատրաստութիւն ժողովուրդի: Թէ՛ նոր սերունդին եւ թէ՛ մեծերուն: Այդ պատրաստութեան համար` մատուցում գրականութեան. նախ` «այսօրուան մարդուն լեզուով խօսող» Աստուածաշունչ, ապա` մանուկներուն եւ պատանիներուն համար հայթայթում «լաւ մշակուած ծրագիր»-ի (կը խորհիմ` ծրագիրներու եւ ըստ միջավայրի) եւ այն ծրագիրը ջամբող դաստիարակներու: Բոլորին համար` օգտագործում հաղորդակցութեան միջոցներուն:

5.- Եկեղեցւոյ երիտասարդացում: Տարեցներու եկեղեցի մը չի կրնար իր առաքելութիւնը լիութեամբ կատարել: Ուստի, Հայ եկեղեցին անմիջապէս պէտք է ձեռնարկէ երիտասարդ մասնագէտ անձերէ բաղկացած ընկերային ու հոգեւոր ծառայութեան բջիջներ կազմելու: Նոյնիսկ, «եկեղեցականներու շեշտուած բացը դարմանելու համար»` առնելու է «յեղափոխական քայլ մը» եւ հիմը դնէ «աշխարհիկ» միաբանութեան մը, որուն անդամները իրենց առօրեայ գործն ու զբաղումները պահելով հանդերձ` նուիրուին եկեղեցւոյ առաքելութեան բազմազան կարիքներու սպասարկութեան:

Ուշագրաւ է, որ Զարեհ սրբազան «եկեղեցւոյ երիտասարդացում»-ին զուգորդած է «առաքելական գործ»-ը*: Վստահաբար` ենթամիտքով մը, ըստ որուն, եկեղեցւոյ երիտասարդացումը միայն երիտասարդներ լեցնելով չ՛ըլլար, այլեւ` առաքելական գործին անոնց մասնակցութեամբ:

Անկասկած, այն գործը, ինչ հասակի սպասարկուներու կողմէ ալ որ կատարուի, կ՛երիտասարդացնէ եկեղեցին:

Ասոնք ինքնախաբէութիւն չեն, այլ` սպասում պայծառ գալիքին, որ հաստատ պիտի գայ, կը հաւատար Սուրբ Գրային տեսանողներէն ներշնչուած սրբազանը:

Ու աւարտեմ.

Հայ եկեղեցին (եկեղեցականութիւն, պատասխանատու աշխարհական դաս եւ հօտ) հետաքրքրական եւ շահագրգռող կ՛ըլլայ, երբ այսպիսի ուղեգիծով մը յառաջ կը դիմէ:

 

________________________________________

* Տե՛ս` «Հայց. եկեղեցին 1700-ամեակին դիմաց եւ 21-րդ դարու սեմին» ճառը, հատոր` «Հայց. եկեղեցին 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու շեմին», Նիկոսիա 2005, էջ 31-35:

 

 

 

Նախորդը

Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց Սարգիս Եւ Յակոբ Լուսարարեաններու Հետ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Ղեկավար Պաշտօններուն Վրայ Գտնուողներուն 29 Տոկոսը Կիներն Են

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.