Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Ջուլֆալակեան Չի Պատրաստուիր Պաքու Մեկնելու

March 13, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_arseneՅունահռոմէական ոճի ըմբիշ, աշխարհի գործող ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի միացեալ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ այցելեց Եղիշէ Չարենցի անուան Երեւանի հիմնական դպրոցը, ուր անցեալին ուսանող եղած է:

Դպրոց կատարուած այս այցելութեան ընթացքին, Ջուլֆալակեան զրուցեց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ, ապա պատասխանեց նաեւ աշակերտները յուզող շարք մը հարցումներու:

3-12-15_arsene1Աւարտին դպրոցի մարզիկ-սաները ցուցադրական ելոյթներ ներկայացուցին:

Ջուլֆալակեան խօսեցաւ նաեւ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն Հայաստանի մասնակցութեան առնչութեամբ իր դիրքորոշումին մասին, կը յայտնէ ArmSport.am:

Իր խօսքին մէջ Ջուլֆալակեան ըսաւ.

«Նախ նշեմ, որ վախի զգացում բացարձակապէս չկայ: 2007-ին հօրս հետ գացած ենք Պաքու: Շատ վատ պայմաններ էին, որովհետեւ մարդ ինքզինք հոն բանտարկեալ կը զգայ` սկսելով օդակայանէն մինչեւ մրցումներուն աւարտը:

«Ինծի համար ամէնէն կարեւորին մասին խօսիմ` մարզիկի դիտանկիւնէն: Երբ իմանամ, որ լիարժէք պայմաններ են, առաջինը ես կ՛երթամ:

«Մեր նպատակն է ողիմպիական վարկանիշներ ձեռք ձգել, իսկ կարելի է ձեռք ձգել մասնակցելով աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի մէջ: Պիտի աշխատիմ լաւագոյնս պատրաստուիլ անոր:

«Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն միջեւ եղող ժամանակը 2 ամիս է, որ նախապատրաստուելու համար բաւարար չէ: Արհեստավարժ ոչ մէկ մարզիկ ցանկութիւն կը յայտնէ մասնակցելու երկու ախոյեանութիւններու: Այս գծով, փորձառութիւն ունիմ: 3 ամսուան ժամանակամիջոց մը ունէի: Մտածեցի, որ կը հասնիմ նախապատրաստուիլ, բայց սխալեցայ:

«Կ՛եզրափակեմ ըսելով, որ երբեք չեմ վախնար Ազրպէյճանի մայրաքաղաքը` Պաքու մեկնելէ», ըսաւ Ջուլֆալակեան իր զրոյցին ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Ուորլիք Ողջունած Է Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպական Խաղերուն Հայ Մարզիկներու Մասնակցելու Որոշումը

Յաջորդը

Արման Երեմեան. «Պէտք Է Պաքու Երթալ Եւ Պայքարիլ Մետալներու Համար»

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.