Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Ելոյթ Ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Նիստին

March 13, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_nalbՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան չորեքշաբթի օր ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկած է ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր խօսքը սկսած է «ազգային օրակարգի այսօրուան կարեւորագոյն հարցէն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի  ոգեկոչումէն»:

«1915 թուականի մայիսին Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ կառավարութիւնները հայերու  կոտորածները անուանած են իբրեւ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւններ»: Ասիկա «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն» եզրի միջազգային մակարդակով կիրարկման առաջին դէպքերէն էր, որ յանգեցուց անոր ձեւակերպման իբրեւ միջազգային իրաւական համակարգի անքակտելի հասկացողութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակակիցներուն համար իրապէս կրնար հրաշք թուիլ, որ հայ ժողովուրդը պիտի յաջողի գոյատեւել եւ վերականգնել իր պետականութիւնը: Իրօք խորհրդանշական է 100-ամեակին խօսք առնել ձեր առջեւ` իբրեւ այս կազմակերպութեան 57 մասնակից պետութիւններէն մէկուն արտաքին գործոց  նախարարը», ըսած է Նալբանդեան:

«Հանդիսանալով ցեղասպանութեան սարսափներով անցած ազգ` Հայաստան  մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերու հաստատակամ ջատագով է: Այս առումով ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներէն է անցեալի ցեղասպանութիւններու լիակատար ճանաչումը: Ահաւասիկ թէ ինչու պետութիւնները պէտք չէ ստորադասեն այս վեհ նպատակը որեւէ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու»,  յայտարարած է ան` այդ ծիրին մէջ նշելով ԵԱՀԿ-ի կարողութիւնը` քայլեր ձեռնարկելու այս հարցին առնչութեամբ, որովհետեւ «հաւատարմութիւնը անոր սկզբունքներուն եւ յանձնառութիւններուն կրնայ մեծապէս նպաստել ցեղասպանութեան կանխարգիլման ջանքերուն»:

Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահին կողմէ իր թուրք պաշտօնակիցը ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հրաւիրելուն` Նալբանդեան ըսած է. «Ես անձամբ, Անգարայի մէջ, փոխանցեցի հրաւէրը նախագահ Էրտողանին: Ցաւալի է, որ մեր հրաւէրը մնաց անպատասխան` դառնալով կորսուած կարելիութիւն մը եւս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար»:

Խօսելով անցեալ տարուան սեպտեմբերին ահաբեկիչներու կողմէ Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ զոհերու  մասունքները ամփոփող հայկական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ոչնչացման մասին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ ատիկա ցաւալի եւ միաժամանակ խորհրդանշական կապ է մարդկութեան դէմ անցեալի եւ ներկայ յանցագործութիւններուն միջեւ:

«Վերջերս մենք բոլորս ականատես եղանք, թէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ինչպէ՛ս կը քանդեն Մուսուլի թանգարանի 2700-ամեայ արձանները: Քաղաքակրթութեան դէմ այս յանցագործութիւնը ահարկու յիշեցումն է անցեալին իրականացուած նման բարբարոսական գործողութիւններու, ինչպիսին էին` Պուտտայի արձաններու, Թիմպուքթուի դամբարաններու, Նախիջեւանի մէջ հայկական միջնադարեան հազարաւոր խաչքարերու ոչնչացման դէպքերը»,  ըսած է Նալբանդեան:

Նալբանդեան ապա անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի տարբեր կառոյցներուն հետ Հայաստանի համագործակցութեան` շեշտելով այդ կառոյցներուն ներդրումը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խորացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին եւ վերջինիս գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն:

«Հայաստանը կ՛արժեւորէ ԵԱՀԿ-ն` ե՛ւ իբրեւ  չափանիշներու ձեւաւորման, ե՛ւ կիրարկման կազմակերպութիւն: Մենք կը շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներուն, ներառեալ` Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային  իրաւունքներու գրասենեակի եւ զանգուածային լրատու միջոցներու ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչին հետ: Վերջիններուս ներդրումը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խորացման գործին մէջ դրականօրէն կ՛ընդունուի մեր երկրին մէջ, հաւասարապէս թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ: Մարդկային դաշտը ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն է, որ ներկայիս կազմակերպութեան միակ լիարժէք գրասենեակն է հարաւային Կովկասի մէջ», ըսած է նախարարը` շարունակելով. «Հայաստանի մէջ դրական զարգացումներ արձանագրուած են մարդկային  իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարական բարեփոխումներու, արդիւնաւէտ կառավարման, խօսքի, հաւաքներու, ազատ մամուլի եւ համացանցի մարզերուն մէջ»:

ԵԱՀԿ-ի օրակարգին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւող  տագնապներու եւ ճգնաժամային իրավիճակներու առնչութեամբ Նալբանդեան  յայտարարած է, թէ  ակներեւ է, որ տագնապները եւ ճգնաժամային իրավիճակները կը շարունակեն կեդրոնական տեղ գրաւել ԵԱՀԿ-ի օրակարգին մէջ: Մասնաւորապէս, կը գերիշխեն ուքրանական ճգնաժամին շուրջ քննարկումները: Նալբանդեան յայտնած է, որ Հայաստան ողջունած է Մինսքի վեհաժողովին արդիւնքները` Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի նախագահներուն եւ Գերմանիոյ վարչապետին կողմէ միացեալ հռչակագիրին ընդունումը, ինչպէս նաեւ` Մինսքի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ կապի խմբակին կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթը:

Խօսելով ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մասին` Նալբանդեան մասնաւորապէս ըսած է.  «2014 թուականին Արցախի, Ազրպէյճանի և Հայաստանի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան ստորագրման 20-ամեակի տարուան մէջ, Պաքու  լրջօրէն սրեց իրավիճակը` զգալիօրէն մեծցնելով զինադադարի խախտման դէպքերը եւ թիրախ դարձնելով քաղաքացիական շրջանները, օգտագործելով ծանր զէնքեր: Պաքուի այս քաղաքականութիւնը պատճառ հանդիսացած է աննախընթաց մեծ թիւով կորուստներու տագնապի բոլոր կողմերուն համար: Ազրպէյճան, գրեթէ ամբողջովին վերահսկելով լրատու միջոցներու գործունէութիւնը իր երկրին մէջ, կը թաքցնէ իր իսկ սադրանքներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներու իսկական թիւը»:

«Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման հետեւանք հանդիսացող շարունակական լարուածութեան պայմաններուն մէջ  համանախագահները հանդիպեցան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին եւ «խիստ մտահոգութիւն յայտնեցին սահմանագիծին եւ  Հայաստան – Ազրպէյճան սահմանի երկայնքով ներթափանցումներուն առնչութեամբ»: Անոնք ուղղակի կոչ ուղղեցին «Ազրպէյճանին յանձնառու մնալու տագնապի խաղաղ լուծման իր պարտաւորութիւններուն»: Մենք ուրախ ենք, որ համանախագահները ի վերջոյ արձագանգեցին մեր կոչերուն` յստակօրէն մատնանշելով բռնութեան պատասխանատու կողմը: Այսուհանդերձ, ոչինչ կը զսպէ Ազրպէյճանը: Եւ նոյնիսկ ոչ համանախագահ երկիրներու կոչերը` ձեռնպահ մնալու սադրիչ գործողութիւններէ, յատկապէս կրօնական տօներու նախօրէին եւ ընթացքին: Ազրպէյճան աշխուժացուց իր յարձակումները Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն ընթացքին` մարդկային զոհերու   պատճառ հանդիսանալով», շարունակած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Համանախագահները փետրուարին շրջան իրենց վերջին այցելութեան ընթացքին յայտարարեցին. «Նախագահները համաձայնեցան դիտարկել համանախագահներու առաջարկները, որոնք կրնան ամրապնդել զինադադարը»: Սակայն, համանախագահներու շրջանային այցելութենէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճան հրաժարեցաւ  առաջարկներէն եւ աւելի սրեց իրավիճակը` ցուցադրելով իր աղաղակող արհամարհանքը համանախագահներուն առաջարկներուն նկատմամբ», նշած է Նալբանդեան:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Կազմեց Դրամատուներու Վերահսկիչ Յանձնախումբ Մը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Բնականոն Կը Վերաբերի Նախագահին Հետ Այլ Կուսակցութիւններու Կատարած Քննարկումները

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.