Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան չորեքշաբթի օր ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկած է ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր խօսքը սկսած է «ազգային օրակարգի այսօրուան կարեւորագոյն հարցէն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումէն»:
«1915 թուականի մայիսին Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ կառավարութիւնները հայերու կոտորածները անուանած են իբրեւ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւններ»: Ասիկա «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն» եզրի միջազգային մակարդակով կիրարկման առաջին դէպքերէն էր, որ յանգեցուց անոր ձեւակերպման իբրեւ միջազգային իրաւական համակարգի անքակտելի հասկացողութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակակիցներուն համար իրապէս կրնար հրաշք թուիլ, որ հայ ժողովուրդը պիտի յաջողի գոյատեւել եւ վերականգնել իր պետականութիւնը: Իրօք խորհրդանշական է 100-ամեակին խօսք առնել ձեր առջեւ` իբրեւ այս կազմակերպութեան 57 մասնակից պետութիւններէն մէկուն արտաքին գործոց նախարարը», ըսած է Նալբանդեան:
«Հանդիսանալով ցեղասպանութեան սարսափներով անցած ազգ` Հայաստան մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերու հաստատակամ ջատագով է: Այս առումով ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներէն է անցեալի ցեղասպանութիւններու լիակատար ճանաչումը: Ահաւասիկ թէ ինչու պետութիւնները պէտք չէ ստորադասեն այս վեհ նպատակը որեւէ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու», յայտարարած է ան` այդ ծիրին մէջ նշելով ԵԱՀԿ-ի կարողութիւնը` քայլեր ձեռնարկելու այս հարցին առնչութեամբ, որովհետեւ «հաւատարմութիւնը անոր սկզբունքներուն եւ յանձնառութիւններուն կրնայ մեծապէս նպաստել ցեղասպանութեան կանխարգիլման ջանքերուն»:
Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահին կողմէ իր թուրք պաշտօնակիցը ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հրաւիրելուն` Նալբանդեան ըսած է. «Ես անձամբ, Անգարայի մէջ, փոխանցեցի հրաւէրը նախագահ Էրտողանին: Ցաւալի է, որ մեր հրաւէրը մնաց անպատասխան` դառնալով կորսուած կարելիութիւն մը եւս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար»:
Խօսելով անցեալ տարուան սեպտեմբերին ահաբեկիչներու կողմէ Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ զոհերու մասունքները ամփոփող հայկական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ոչնչացման մասին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ ատիկա ցաւալի եւ միաժամանակ խորհրդանշական կապ է մարդկութեան դէմ անցեալի եւ ներկայ յանցագործութիւններուն միջեւ:
«Վերջերս մենք բոլորս ականատես եղանք, թէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ինչպէ՛ս կը քանդեն Մուսուլի թանգարանի 2700-ամեայ արձանները: Քաղաքակրթութեան դէմ այս յանցագործութիւնը ահարկու յիշեցումն է անցեալին իրականացուած նման բարբարոսական գործողութիւններու, ինչպիսին էին` Պուտտայի արձաններու, Թիմպուքթուի դամբարաններու, Նախիջեւանի մէջ հայկական միջնադարեան հազարաւոր խաչքարերու ոչնչացման դէպքերը», ըսած է Նալբանդեան:
Նալբանդեան ապա անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի տարբեր կառոյցներուն հետ Հայաստանի համագործակցութեան` շեշտելով այդ կառոյցներուն ներդրումը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խորացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին եւ վերջինիս գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն:
«Հայաստանը կ՛արժեւորէ ԵԱՀԿ-ն` ե՛ւ իբրեւ չափանիշներու ձեւաւորման, ե՛ւ կիրարկման կազմակերպութիւն: Մենք կը շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներուն, ներառեալ` Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի եւ զանգուածային լրատու միջոցներու ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչին հետ: Վերջիններուս ներդրումը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խորացման գործին մէջ դրականօրէն կ՛ընդունուի մեր երկրին մէջ, հաւասարապէս թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ: Մարդկային դաշտը ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն է, որ ներկայիս կազմակերպութեան միակ լիարժէք գրասենեակն է հարաւային Կովկասի մէջ», ըսած է նախարարը` շարունակելով. «Հայաստանի մէջ դրական զարգացումներ արձանագրուած են մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարական բարեփոխումներու, արդիւնաւէտ կառավարման, խօսքի, հաւաքներու, ազատ մամուլի եւ համացանցի մարզերուն մէջ»:
ԵԱՀԿ-ի օրակարգին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւող տագնապներու եւ ճգնաժամային իրավիճակներու առնչութեամբ Նալբանդեան յայտարարած է, թէ ակներեւ է, որ տագնապները եւ ճգնաժամային իրավիճակները կը շարունակեն կեդրոնական տեղ գրաւել ԵԱՀԿ-ի օրակարգին մէջ: Մասնաւորապէս, կը գերիշխեն ուքրանական ճգնաժամին շուրջ քննարկումները: Նալբանդեան յայտնած է, որ Հայաստան ողջունած է Մինսքի վեհաժողովին արդիւնքները` Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի նախագահներուն եւ Գերմանիոյ վարչապետին կողմէ միացեալ հռչակագիրին ընդունումը, ինչպէս նաեւ` Մինսքի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ կապի խմբակին կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթը:
Խօսելով ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մասին` Նալբանդեան մասնաւորապէս ըսած է. «2014 թուականին Արցախի, Ազրպէյճանի և Հայաստանի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան ստորագրման 20-ամեակի տարուան մէջ, Պաքու լրջօրէն սրեց իրավիճակը` զգալիօրէն մեծցնելով զինադադարի խախտման դէպքերը եւ թիրախ դարձնելով քաղաքացիական շրջանները, օգտագործելով ծանր զէնքեր: Պաքուի այս քաղաքականութիւնը պատճառ հանդիսացած է աննախընթաց մեծ թիւով կորուստներու տագնապի բոլոր կողմերուն համար: Ազրպէյճան, գրեթէ ամբողջովին վերահսկելով լրատու միջոցներու գործունէութիւնը իր երկրին մէջ, կը թաքցնէ իր իսկ սադրանքներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներու իսկական թիւը»:
«Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման հետեւանք հանդիսացող շարունակական լարուածութեան պայմաններուն մէջ համանախագահները հանդիպեցան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին եւ «խիստ մտահոգութիւն յայտնեցին սահմանագիծին եւ Հայաստան – Ազրպէյճան սահմանի երկայնքով ներթափանցումներուն առնչութեամբ»: Անոնք ուղղակի կոչ ուղղեցին «Ազրպէյճանին յանձնառու մնալու տագնապի խաղաղ լուծման իր պարտաւորութիւններուն»: Մենք ուրախ ենք, որ համանախագահները ի վերջոյ արձագանգեցին մեր կոչերուն` յստակօրէն մատնանշելով բռնութեան պատասխանատու կողմը: Այսուհանդերձ, ոչինչ կը զսպէ Ազրպէյճանը: Եւ նոյնիսկ ոչ համանախագահ երկիրներու կոչերը` ձեռնպահ մնալու սադրիչ գործողութիւններէ, յատկապէս կրօնական տօներու նախօրէին եւ ընթացքին: Ազրպէյճան աշխուժացուց իր յարձակումները Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն ընթացքին` մարդկային զոհերու պատճառ հանդիսանալով», շարունակած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Համանախագահները փետրուարին շրջան իրենց վերջին այցելութեան ընթացքին յայտարարեցին. «Նախագահները համաձայնեցան դիտարկել համանախագահներու առաջարկները, որոնք կրնան ամրապնդել զինադադարը»: Սակայն, համանախագահներու շրջանային այցելութենէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճան հրաժարեցաւ առաջարկներէն եւ աւելի սրեց իրավիճակը` ցուցադրելով իր աղաղակող արհամարհանքը համանախագահներուն առաջարկներուն նկատմամբ», նշած է Նալբանդեան: