Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

March 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-11-15_emirՀայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Քուէյթի վարչապետ Ժապեր Սապահի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ երէկ հասած է  Քուէյթ:

Պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն ետք  վարչապետ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղղուած է Քուէյթի իշխանին նստավայր` «Պայան» պալատ, ուր  տեղի ունեցած է Յովիկ Աբրահամեանի եւ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի հանդիպումը: Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ  Քուէյթի իշխանին փոխանցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջերմ ողջոյններն ու Հայաստան պաշտօնական այցելութեան հրաւէրը: Քուէյթի իշխանը իր կարգին փոխադարձ ջերմ ողջոյններ յղած է Հայաստանի նախագահին եւ  շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրին համար:

Վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ իր պաշտօնական այցելութիւնը Քուէյթ կը վկայէ երկկողմանի բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու  շարունակական զարգացման Հայաստանի նպատակին մասին: Յովիկ Աբրահամեանի խօսքով, իր այցելութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման համար: Քուէյթի Սապահ իշխանը, ողջունելով եւ կարեւոր նկատելով Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի այցելութիւնը Քուէյթ, նշած է, որ ատիկա կը նպաստէ հայ-քուէյթեան բարեկամական յարաբերութիւններու  հետագայ խորացման: Ըստ անոր, Քուէյթ  պատրաստակամ է քննարկելու այն բոլոր հարցերը, որոնք կը ծառայեն երկու երկիրներու եւ  ժողովուրդներու շահերուն, զարգացնելու եւ  ընդլայնելու Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Սապահ իշխանը նշած է, որ ոչ մէկ խոչընդոտ կայ այդ նպատակներուն հասնելու համար:

Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ կապերու ընդլայնման առնչուող հարցեր: Հայաստանի վարչապետը եւ  Քուէյթի իշխանը անդրադարձած են նաեւ  շրջանային խնդիրներուն: Անոնք ընդգծած են տագնապներու խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը եւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Քուէյթի պետութեան` քուէյթահայ գաղութին նկատմամբ ջերմ վերաբերմունքին եւ Սուրիոյ  քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Պաշտօնապէս Բացուեցաւ «Քարֆուր»-ը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Ցեղասպանութիւնները Միջազգային Հանրութեան Ոչ Միասնական Դիրքորոշման Հետեւանք Են»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.