Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Ցեղասպանութիւնները Միջազգային Հանրութեան Ոչ Միասնական Դիրքորոշման Հետեւանք Են»

Մարտ 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-11-15_tsegh1Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական շեշտադրումը հանդուրժողականութեան եւ միասնականութեան կոչն է միջազգային հանրութեան: Այդ մասին յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` երէկ  ընդունելով գերմանական «Մարշալ» եւ «Ռոպերթ Պոշ» հիմնադրամներու ներկայացուցիչները:

«Միասնականութիւնը կարեւոր նկատուած է յատկապէս, երբ ընթացիկ տարուան մէջ կ՛ոգեկոչուի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը», ըսած է հանրապետութեան նախագահը: Ըստ անոր, բացայայտ ճշմարտութիւն է այն, որ ցեղասպանութիւնները, իբրեւ  մարդկութեան դէմ ծանրագոյն յանցագործութիւններ, տեղի կ՛ունենան կամ կը կրկնուին միջազգային հանրութեան կողմէ ոչ միասնական դիրքորոշման պատճառով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Մարշալ» հիմնադրամը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն կոչուած է նպաստելու միջազգային խաղաղութեան, անվտանգութեան, կայունութեան, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսական բարգաւաճման եւ ժողովուրդներու  բարեկեցութեան: Հայաստանի համար յատկապէս կարեւոր է հիմնադրամին առաքելութիւններէն  մէկը` համաշխարհային մարտահրաւէրները միասնական ուժերով դիմակայելու եւ զանոնք յաղթահարելու կառուցակարգերու մշակումը»:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու խորհուրդը, ներածական իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին, Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններուն, շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Նախագահը նաեւ պատասխանած է «Մարշալ» եւ  «Ռոպերթ Պոշ» հիմնադրամներու  ներկայացուցիչներուն հարցումներուն, որոնք վերաբերած են ինչպէս վերոնշեալ հարցերուն, այնպէս ալ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարին, Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման ներուժին եւ  արտաքին գործօններով պայմանաւորուած հնարաւոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէ ետք Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճման նոր կարելիութիւններուն, ներքաղաքական վիճակին:

 

 

Նախորդը

Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Եւ Լիբանանեան Ուժերու Սրբագրական Շարժումի Պատուիրակութիւններն Ու Նախարար Ալեն Հաքիմը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?