Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մալաթիայէն Ի՞նչ Մնաց

March 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ այս հարցումը ուղղեցի ես ինծի` երբ պատահաբար ձեռք անցուցի հայկական հայրենակցական միութիւններու վերաբերեալ հնամաշ գրքոյկներու եւ պրակներու շարք մը, մեծաւ մասամբ Ֆրանսա տպուած:

3-12-15_Badmutyun-Malatyo3-12-15_D-MalatyaԱյդ գրքոյկներէն մին կը վերաբերէր Մալաթիոյ կրթասիրաց ընկերութեան: Եւ ինչպէս կը կարդացուի գրքոյկին վրայ` ասիկա արձանագրութիւնն է վերոնշեալ ընկերութեան Ֆրանսայի Շրջանային 10-րդ համագումարին, որ կայացած է աւելի քան 65 տարի առաջ` 1947-ին, Մարսէյի մէջ, երեք օրեր շարունակ…:

Իսկապէս շշմեցայ:

Այդ որքա՜ն մեծաթիւ մալաթիացիներ կան եղեր Ֆրանսայի տարածքին, որ 10 համագումարներ կրցեր են սարքել մինչեւ 1947 (հաւանաբար 20-ական թուականներէն սկսեալ), հարուստ օրակարգով, զանազան քաղաքներէ ժամանած պատգամաւորներով եւ եռօրեայ նիստերով…:

Հրատարակուած գրքոյկը լաւագոյն ու անհերքելի ապացոյցն էր ատոր: Շօշափելի փաստը:

Իսկ հիմա՞:

Այդ թուականէն 65 տարի ետք հարազատ ու գիտակից մալաթիացիներ մնացի՞ն Ֆրանսայի տարածքին. կամ նոյնիսկ սփիւռքի տարածքին: Արդեօք Պէյրութի մէջ կամ այլուր դեռ կը գործե՞ն Մալաթիոյ հայրենակցական միութիւններ:

Ամէն ոք գիտէ, թէ հայրենակցական միութիւնները շատ զօրաւոր օղակներ էին` ընդմէջ կորսուած հայրենիքին ու պանդուխտ դարձած խլեակներուն միջեւ: Անոնց դերը շատ բարերար եղաւ մանաւանդ յետեղեռնեան առաջին 50-60 տարիներուն, երբ լեռներու ետին մնացած հայրենի օճախին նկատմամբ անմաշելի սէր մը կար մարդոց հոգիին մէջ: Դեռ թարմ էին մարդոց հայրենական յուշերը, կենդանի էին բնաշխարհէն եկող ժողովրդական բարքերն ու աւանդութիւնները: Մինչդեռ   հիմա, պատկերը լրի՜ւ տարբեր է…: Նոր սերունդները, ջախջախիչ տոկոսով, իրենց նախահայրերուն ծննդավայրին մասին գրեթէ ոչի՛նչ գիտեն…:

Վերադառնանք Մալաթիոյ: Ո՞ւր կը գտնուի Մալաթիան:

Մալաթիան հին դարերու ՄԵԼԻՏԻՆԷն է, պատմական Կիլիկիոյ հիւսիսային սահմաններուն մօտիկ, Խարբերդի արեւմուտքը: Օսմանեան պետութիւնը զայն երբեմն վարչականօրէն կապեր է Մարաշին, երբեմն Խարբերդի: Ունեցած է 5 գաւառակներ` Մալաթիա, Քէախթէ, Հիւսնի Մանսուր, Պէհէսնի եւ Աղճատաղ, բոլորը միասին` 35,000 հայ բնակչութեամբ:

1915-ի Մեծ եղեռնէն ետք սփիւռքեան բազմաթիւ գաղութներու մէջ հիմնուեցան Մալաթիոյ կրթասիրաց ընկերութեան մասնաճիւղեր: Ամերիկայի մէջ 30-ական թուականներէն սկսեալ, աւելի քան չորս տասնամեակ շարունակ մալաթիացիները կանոնաւոր պարբերականութեամբ հրատարակեցին երկու թերթեր` «Նոր Մալաթիա» (Նիւ Եորք, Ֆիլատելֆիա, Ուստր) եւ «Պապ ուխտի» (Քլիվլէնտ):

«Պապ ուխտի»-ն անունն էր գետակի մը, հանքային աղբիւրներով հարուստ, Մալաթիոյ շրջանին մէջ: Այս պարբերաթերթը տասնամեակներ շարունակ առանձինն խմբագրեց ու հրատարակեց Գէորգ Թօփալեանը (1898-1986), որ ծանօթ էր Գէորգ Մելիտինեցի գրչանունով, եւ որուն նախաձեռնութեամբ ու բարերարութեամբ գրական կարեւոր հիմնադրամ մը հաստատուեցաւ Անթիլիասի մէջ:

Մալաթիոյ շրջանի պատմութիւնը կորուստէ փրկուեցաւ շնորհիւ եգիպտաբնակ բանասէր եւ պատմագիր Արշակ Ալպօյաճեանի: Ան է, որ գրեց ու խմբագրեց «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց» ծաւալուն պատմագիրքը (աւելի քան 1500 էջ), որ լոյս ընծայուեցաւ Պէյրութ, 1961-ին:

Եւ վերջապէս, ո՞վ մալաթիացի էր գիտէ՞ք: Բանաստեղծ ՌՈՒԲԷՆ ՈՐԲԵՐԵԱՆը (1874-1931): Այն, որ Ճիպութի կ՛ապրէր ու գրած էր հետեւեալ նշանաւոր տողերը.-

Կեանքի նաւակն հետք չթողուց իր ետին.
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,
Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի մը նման:

 

Հալէպ

Նախորդը

Անատոլի Գրիգորեան. «Ես Դրական Լիցքերու Կողմնակից Եմ, «Լացկան» Արուեստը Կը Մերժեմ»

Յաջորդը

Շնորհահանդէս` «Առաջին Երգս» Ձայնի Սկաւառակի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.