Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասնապետ Կարօ Գիւրէճեան Քափիթենի Աստիճան Ստացաւ

March 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քափիթենը  իր մօր` Անահիտ Գիւրէճեանի հետ
Քափիթենը իր մօր` Անահիտ Գիւրէճեանի հետ

Վենթուրա.- Երեքշաբթի, 10 փետրուար 2015-ի կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին Քալիֆորնիոյ Վենթուրա քաղաքի Գաւառային ոստիկանութեան (Sheriff) կեդրոնատեղիի մեծ սրահին մէջ, ոստիկաններու նոր պաշտօններու տուչութեան պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, գաւառի Sheriff` Geoff Dean 14  deputies-ներու նոր աստիճաններ յանձնեց: Հանդիսութեան ներկայ էին շրջանի բարձրաստիճան ոստիկանապետները, պետական դէմքեր, նահանգային պաշտօնատարեր, պարգեւատրեալ ոստիկաններու ծնողներն ու հարազատները եւ հարիւրաւոր հիւրեր ու ներկաներ:

Գաւառային այս ոստիկաններու խումբին մէջ էր նաեւ հայ երիտասարդ տասնապետ Կարօ Գիւրէճեան, որ քափիթենի պաշտօն ստանալով` դարձաւ առաջին հայ երիտասարդը, որ շրջանին մէջ կը հասնէր ոստիկանական այս բարձր աստիճանին:

Կենսագրական գիծեր. Կարօ Գիւրէճեան ծնած է 1970-ին, Թրիփոլի, Լիբանան: Ան երրորդ զաւակն է Օննիկ եւ Անահիտ Գիւրէճեաններու: Հօրը ցաւալի մահէն ետք (լիբանանեան ներքին պատերազմին զոհ` դիպուկահարի մը փամփուշտին), մօրը եւ երկու եղբայրներուն հետ Յակոբ-Ճեք եւ Րաֆֆի, 1975-ին կը հաստատուի Մ. Ն. Միշիկըն նահանգի Ալփինա գիւղաքաղաքը: Նախնական ուսումը  ստանալէն ետք, 1987-ին կը հաստատուի Քալիֆորնիա եւ բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ի մէջ, որմէ 1993-ին տնտեսագիտութեան ճիւղի մէջ պսակաւոր գիտութեան վկայականը կը ստանայ:

Հետեւելով իր վաղամեռիկ եղբօր` Յակոբ-Ճեքի քայլերուն եւ անոր բարի ու կամեցող օրինակին, (որ այդ օրերուն Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկան էր, եւ որ 2001-ին զոհ գնաց ոճրագործի մը անարգ փամփուշտին), ինք եւս կ՛ուզէ դառնալ գաւառային ոստիկան, բայց` Վենթուրա գաւառին մէջ:

Sheriff Geoff Dean. գնդապետ Կարօ Գիւրէճեանի շքանշանը յանձնելու պահուն
Sheriff Geoff Dean. գնդապետ Կարօ Գիւրէճեանի շքանշանը յանձնելու պահուն

1994-ին կ՛անդամակցի սոյն գաւառի ոստիկանութեան շարքերուն` հետեւելով անոնց դասընթացքներուն: Մինչեւ գնդապետի աստիճան իր ստանալը` ան այս գաւառէն ներս ստանձնած է զանազան պաշտօններ` բանտայինէն մինչեւ երթեւեկութիւն եւ ապա շրջանի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի աշխատանքներուն` Վենթուրա, Մուրփարք եւ Թաուզընտ Օքս քաղաքներուն մէջ:

Այսպէս, շնորհիւ իր հմտութեան, անկեղծութեան, ծառայասիրութեան, պարկեշտութեան, աշխատասիրութեան եւ հաւատարմութեան` Կարօ Գիւրէճեան 2002-ին կը դառնայ Վենթուրայի Deputy Sheriff, իսկ 2010-ին` տասնապետ, եւ ապա` այս տարի քափիթեն.

Վենթուրայի Sheriff Geoff Dean-ի համաձայն, Կարօ Գիւրէճեան պարտաճանաչ, խղճամիտ եւ օրինակելի ոստիկաններէն մէկն է ամբողջ բաժնէն ներս, եւ ինք շատ հպարտ է նման հայ ու նուիրեալ երիտասարդի ներկայութիւնը վայելելու իր ղեկավարած ոստիկանական հսկայ զօրաբաժինին մէջ:

Ջերմապէս կը շնորհաւորենք մեր երիտասարդ քափիթենը` աւելի բարձր պաշտօններու հասնելու մեր բարեմաղթութիւններու կողքին:

 

 

Նախորդը

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի Սենեկային Համոյթի Ելոյթը Թրիփոլիի Մէջ

Յաջորդը

«Դաշնակցութիւն Յանուն Արցախի». Դաշնակցութեան 124-Ամեակի Նշում Ասկերանի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.