Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ նախագահական թափուր աթոռին ժամանակաշրջանին լաւագոյն ընտրանքը համախոհութիւնն է: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութենէն տարի մը ետք պէտք է արժեւորում մը կատարել այդ մասին եւ անկէ դասեր քաղել, յատկապէս նկատի ունենալ անոր դիմագրաւած արտակարգ պայմանները:
«Սալամ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքային կարճ ժամանակամիջոցին ընթացքին մեծ թիւով նուաճումներ արձանագրած է», ըսաւ վարչապետ Սալամ:
Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը որոշեց կառավարութեան նիստերուն համար մշակել ներքին կանոնագիր մը, որ վեց պայմաններէ բաղկացած էր: Այդ կանոնագիրին մէջ առաջարկուեցաւ կառավարութեան նիստերուն տեւողութիւնը երեք ժամով սահմանել, ինչպէս նաեւ պահանջուեցաւ, որ իւրաքանչիւր նախարար իր թղթածրարը ուսումնասիրած կերպով ներկայանայ նիստին:
Առեւանգուած Բանակայիններու
Յատուկ Յանձնախումբի Նիստ
Երեկոյեան վարչապետ Սալամ նախագահեց առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան այդ թղթածրարին զարգացումները:


